Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
10 Թելադրանք՝ Սիրտը Պաշտպանելու Համար

Սրտաբաններու կարծիքով, որոշ տարիքէ մը ետք, որեւէ մարզանք կիրարկելէ առաջ, պէտք է ի մտի ունենալ ստորեւ տրուած 10 թելադրանքները՝ բարդութիւններու առաջքն առնելու եւ սիրտը պաշտպանելու համար.
1. Որեւէ մարզանք կիրարկելէ առաջ յանձնարարելի է 10 վայրկեան մարմինը տաքցնել եւ մարզանքի պատրաստել։
2. Մարզանքի սկսելէ ետք 3-4 ումպ ջուր խմել կէս ժամը անգամ մը։
3. Խուսափիլ ծանր մարզանքներէ, երբ ջերմաստիճանը նուազ 5էն պակաս կամ առաւել 30էն աւելի է։
4. Խուսափիլ ծխելէ մարզանք կիրարկելէ ժամ մը առաջ կամ աւարտելէ 2 ժամ ետք։
5. Պաղ լոգանքէ խուսափիլ մարզանքին յաջորդող առաջին քառորդ ժամուան ընթացքին։
6. Մարզանքէ հրաժարիլ ջերմութիւն ունենալու պարագային, ինչպէս նաեւ՝ ծանր կրիփի յաջորդող 8 օրերու ընթացքին։
7. 35ը թեւակոխած տղամարդիկ եւ 45ը թեւակոխած կիները պարտին բժշկական ընդհանուր քննութեան մը ենթարկուիլ՝ նախքան ծանր մարզանք մը կիրարկելը։
8. Մարզանքի ընթացքին կամ անոր աւարտին կուրծքի ցաւ կամ շունչի նեղութիւն ունենալու պարագային անմիջապէս բժիշկը տեղեակ պահել։
9. Դարձեալ բժիշկին տեղեկացնել, եթէ մարզանքի ընթացքին կամ աւարտին սրտի տրոփում պատահի։
10. Վերջապէս, բժիշկին տեղեկացնել, եթէ մարզանքի ընթացքին կամ աւարտին գլխու պտոյտ, թուլացում եւ տկարութիւն զգացուի։
————————————————————————————————————-
Ինչպէ՞ս Ձերբազատիլ



Քրամփները, այսինքն՝ մկանային անակնկալ պրկումները, որոնք յաճախ կը պատահին ֆիզիքական ճիգերու, մարզանքի, բայց նաեւ գիշերը քունի մէջ, չափազանց անախորժ եւ ցաւցնող են։ Պէտք է արագ հակազդել՝ անոնցմէ ձերբազատելու համար.
– Սրունքի պրկումի պարագային, կրունկը անմիջապէս գետին դնել, մատներուն բաժինը թեթեւօրէն գետնէն բարձր դիրքով, եւ որքան ալ ցաւցնող ըլլայ պրկուած սրունքին մկանը, ուղղահայեաց դիրքով շփել, մինչեւ որ ցաւը չքանայ։
– Ոտքի մատներու պրկումի պարագային ձեռքով բռնեցէք պրկուած մատները եւ կարելի եղածին չափ դէպի առաջ բերէք. արդիւնքը անմիջական է։ Կարելի է նաեւ ոտքը գետնէն բարձր պահած վեր-վար շարժումներ կատարել։
—————————————————————————————————————-
ԳԻՏԱԿԱՆ
Սէրը Կրնայ Ամոքել Ցաւերը…
Թէեւ սիրոյ մասին գրող մեծ թիւով բանաստեղծներու ու վիպագիրներու համաձայն, սէրը յաճախ ցաւցնող եղած է, միւս կողմէ, սակայն, վերջերս ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնած են, թէ սէրը ունի ամոքիչ յատկութիւն։
Նկարահանման յատուկ սարքեր ցոյց տուած են, թէ ուղեղին մէջ ցաւի պատճառով աշխուժացած բաժիններէն մաս մը աշխուժ եղած է նաեւ սիրային մտածումներու ատեն։
Նախապէս կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ սիրոյ զօրաւոր զգացումները ուշագրաւ աշխուժացում յառաջացուցած են ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ, որոնցմէ մէկ քանին առնչուած են ուղեղին քիմիական նիւթերէն տոփամին կոչուած նիւթին արտադրութեան հետ։ Նշեալ քիմիական նիւթին արտադրութեան տարողութիւնը կը բարձրանայ՝ գլխաւորաբար քաղցրեղէններու սպառումով, ինչպէս նաեւ՝ քոքայինի նման թմրեցուցիչներու գործածութեամբ։ Այսուհանդերձ, տոփամինի բարձր տարողութիւնները ինքզինք լաւ զգալու վիճակ մը կը յառաջացնեն մարդոց մօտ։
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատած են, թէ ուղեղին վերոնշեալ բաժիններէն մաս մը աշխուժացած է նաեւ ցաւ զգացած ատեն եւ, հետեւաբար, եզրակացուցած են, թէ սիրոյ զօրաւոր զգացումը կրնայ ազդել ցաւին մեղմացման վրայ։
Մասնագէտները իրենց ուսումնասիրութեան մէջ նկատի ունեցած են տասնհինգ ուսանողներ, որոնք իրենք զիրենք սիրահարուածներ նկատած են։ Իւրաքանչիւր ուսանողէ պահանջուած է բերել իր սիրած անձին լուսանկարը, ինչպէս նաեւ բնութենէն հրաշալի տեսարան մը ներկայացնող որեւէ այլ տեսակի նկար մը, որ իրեն համար հրապուրիչ նկատուած է։
Մասնագէտները նշեալ ուսանողներուն ափին մէջ տեղադրած են համակարգիչի կապուած շատ փոքր սարք մը, որ թեթեւ ցաւ յառաջացուցած է անոնց մօտ։ Միեւնոյն ատեն անոնք մագնիսական հնչեղութեամբ բանող բարդ սարքի մը միջոցով հետեւած են նշեալ ուսանողներուն ուղեղին տարբեր բաժիններուն մէջ յառաջացած աշխուժութեան՝ անոնց ցաւ զգացած ատեն։ Ապա անոնք խնդրած են, որ ուսանողները ցաւ զգացած վիճակին մէջ դիտեն իրենց սիրած անձին լուսանկարը։
Ատեն մը ետք մասնագէտները խնդրած են, որ ուսանողները իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն բնութենէն տեսարան մը ներկայացնող նկարին վրայ՝ շարունակելով ցաւ յառաջացնել անոնց ափին մէջ։
Ուսանողները ամբողջացուցած են նաեւ հարցաթերթիկ մը, որուն մէջ անոնք արժեւորած են իրենց զգացած ցաւին տարողութիւնը՝ այդ նկարներէն իւրաքանչիւրին վրայ կեդրոնացած ատեն։
Այսուհանդերձ, մասնագէտները գտած են, թէ բոլոր ուսանողներուն զգացած ցաւին տարողութիւնը շատ աւելի նուազ եղած է իրենց սիրած անձին լուսանկարը դիտած ատեն, քան՝ բնութեան գեղեցիկ մէկ տեսարանը ներկայացնող նկարը դիտած ատեն։
——————————————————————————————————————-
Ասփիրինը Կասեցուցած Է Շագանակագեղձի Քաղցկեղին Մարմինին Տարբեր Բաժիններուն Մէջ Տարածուելու Գործընթացը

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Քեւըն Չօ ըսած է, թէ նախապէս կատարուած նման ուսումնասիրութիւն մը խառն արդիւնքներ ցոյց տուած է եւ օրին կարելի չէ եղած յստակացնել շագանակագեղձի քաղցկեղին դարմանումի գործընթացին վրայ ասփիրինին ունեցած ազդեցութիւնը, քանի որ ուսումնասիրութեան մէջ նկատի առնուած մարդոց մեծամասնութեան մօտ քաղցկեղը շագանակագեղձէն անդին մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած է:
Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները նկատի ունեցած են շագանակագեղձի քաղցկեղէ տառապող հինգ հազար երկու հարիւր եօթանասունհինգ հոգի, որոնց մօտ քաղցկեղը շագանակագեղձէն դուրս չէ տարածուած: Նշեալ մարդոցմէ հազար ինն հարիւր ութսուներկուքն իրենց գործածած տարբեր տեսակի դեղամիջոցներուն առընթեր, ասփիրին եւ կամ արեան լերդացման տարողութիւնը նուազեցնող այլ դեղահատեր գործածած են: Այսուհանդերձ, մասնագէտները գտած են, թէ նման դեղահատեր գործածող մարդոց մեծամասնութեան մօտ քաղցկեղը սահմանափակուած մնացած է շագանակագեղձին մէջ եւ չէ տարածուած մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ: Իսկ նշեալ մարդոցմէ անոնք, որոնք ասփիրին գործածած են, ապա անոնց մօտ շատ աւելի արդիւնաւէտ եղած է քաղցկեղին դարմանումը, քան՝ արեան լերդացման տարողութիւնը նուազեցնող տարբեր տեսակի դեղահատեր գործածող մարդոց մօտ:
Թէեւ տոքթ. Չոն խոստմնալից գտած է վերոնշեալ ուսումնասիրութենէն ձեռք ձգուած արդիւնքները, սակայն ան անհրաժեշտ նկատած է կատարել յաւելեալ փորձարկումներ՝ նախքան վերջնական եզրակացութիւններ կատարելը: Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ շագանակագեղձի քաղցկեղէ տառապող մարդիկ անպայմանօրէն հետեւին զիրենք դարմանող մասնագէտներուն ցուցմունքներուն եւ որեւէ տեսակի դեղահատ չգործածեն առանց անոնց արտօնութեան՝ նկատի ունենալով, որ որեւէ անզգուշ քայլ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ անոնց առողջութեան վրայ եւ ապարդիւն դարձնել տրուած դարմանումները՝ վատթարացնելով անոնց վիճակը:
—————————————————————————————-
Ասփիրինը Կրնայ Նպաստել Շագանակագեղձի Քաղցկեղի Դարմանումի Գործընթացին
Հոկտեմբերի կէսերուն ամերիկացի հետազօտողներ յայտնած են, թէ ասփիրինը կրնայ նպաստել, որ շագանակագեղձի (փրոսթէյթ) քաղցկեղէ տառապող մարդոց ստացած տարբեր տեսակի դարմանումները շատ աւելի արդիւնաւէտ դառնան: Մասնագէտները գտած են, թէ շագանակագեղձի քաղցկեղէ տառապող ա՛յն մարդոց մօտ, որոնք վիրաբուժութեան ենթարկուած են եւ կամ շողարձակ ճառագայթներու միջոցով դարմանում ստացած են, միայն չորս առ հարիւր համեմատութեամբ բարձր եղած է տասը տարի ետք քաղցկեղէն մահանալու վտանգին տարողութիւնը, երբ անոնք իրենց ստացած դարմանումին զուգահեռ, ասփիրին գործածած են. իսկ տասը տարի ետք քաղցկեղէն մահանալու վտանգին տարողութիւնը տասը առ հարիւր համեմատութեամբ բարձր եղած է դարմանումին զուգահեռ ասփիրին չգործածած մարդոց պարագային:
Մասնագէտները բացատրած են, թէ ասփիրինը ամէնէն աւելի նպաստած է ա՛յն մարդոց, որոնց մօտ շագանակագեղձի քաղցկեղը տակաւին իր սկզբնական հանգրուաններուն մէջ եղած է՝ նկատի ունենալով, որ անիկա գլխաւորաբար ազդած է քաղցկեղի վերածուած ուռին աճին ու տարածուելու գործընթացին կասեցման վրայ: Միւս կողմէ, սակայն, անոնք նշած են, թէ երբ քաղցկեղը արդէն իսկ շագանակագեղձէն դուրս մարմնին տարբեր բաժիններուն մէջ տարածուած է, ապա ասփիրինը այնքան ալ ազդեցիկ չէ եղած:
————————————————————————————–
Ինքնաշարժի Ծանր Արկածներու Ատեն Յայտնուող Օդի Պարկերը Կը Պաշտպանեն Երիկամները

Հոկտեմբերի վերջաւորութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ ինքնաշարժներուն մէջ տեղադրուած օդի պարկերը, որոնք կը յայտնուին ծանր արկածներու ատեն, ո՛չ միայն կը պաշտպանեն մարդոց գլուխն ու կուրծքը, այլ նաեւ՝ անոնց մարմինին տարբեր օրկանները, մասնաւորաբար՝ երիկամները։
Այսուհանդերձ, ինքնաշարժի մեծ արկածներու պատճառով խորտակուած ինքնաշարժներու մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած մարդոց կապակցաբար հաւաքուած տեղեկութիւններուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ ա՛յն մարդոց մօտ, որոնց ինքնաշարժին առջեւի մասին մէջ տեղադրուած օդի պարկերը յայտնուած են արկածի ատեն, քառասունհինգ առ հարիւր համեմատութեամբ նուազ եղած է երիկամներուն ծանրօրէն վնասուելու վտանգին տարողութիւնը։
Մասնագէտները յայտնած են, թէ երբ համեմատաբար նուազ ծանր ինքնաշարժի արկածներու ընթացքին յայտնուած են առջեւի մասին մէջ տեղադրուած օդի պարկերը, ապա առջեւը նստող մարդոց միայն 3.4 առ հարիւր համեմատութեան երիկամները վնասուած են, իսկ երբ նման արկածներու ընթացքին չեն յայտնուած օդի պարկերը, ապա առջեւը նստող մարդոց 7,5 առ համեմատութեան երիկամները վնասուած են։
————————————————————————————–
Երեխաներուն Քունը Կը Կանոնաւորուի Առաջին Վեց Ամսուան Ընթացքին

Մասնագէտները գտած են, թէ երեխաներուն առանց ընդհատումներու քնացած ժամերը ամէնէն աւելի արագօրէն աւելցած են 1-4 ամսուան մէջ, որուն ընթացքին անոնց առանց ընդհատումներու քնացած ժամերը աստիճանաբար բարձրացած են մօտաւորապէս երեք ժամով:
Վերոնշեալ երեխաներուն կէսը երեք ամսու ըլլալէն ետք սկսած է առանց ընդհատումներու քնանալ կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը հինգ, իսկ չորս ամսու ըլլալէն ետք սկսած է գիշերը ութ ժամ քնանալ: Մասնագէտները նկատած են նաեւ, թէ ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած այդ երեխաներուն կէսը, երբ հինգ ամսու եղած է, արդէն իսկ սկսած է առանց ընդհատումներու քնանալ երեկոյեան ժամը տասէն մինչեւ առաւօտեան ժամը վեց:
Իսկ մէկ տարեկանին վերոնշեալ երեխաներուն արդէն իսկ ութսունհինգ առ հարիւր համեմատութիւնը սկսած է գիշերը ութ ժամ քնանալ՝ առանց ընդհատումներու:
Մասնագէտները նշած են, թէ կարգ մը մանուկներու քունը աւելի ուշ տարիքին կը կանոնաւորուի: Միւս կողմէ, սակայն, անոնք յայտնած են, թէ ծնողներ պէտք է գիտակցին, որ զարգացման ա՛յն գործընթացը, որուն միջոցով երեխաներ կը սորվին գիշերը քնանալ նուազագոյն ընդհատումներով, շատ արագօրէն տեղի կ՛ունենայ անոնց կեանքին առաջին վեց ամսուան ընթացքին: Հետեւաբար, երբ անոնք նշեալ ժամանակամիջոցին մէջ քունի ժամերու բարելաւում չնկատեն իրենց երեխաներուն մօտ, ապա պէտք է դիմեն մասնագէտի՝ նկատի ունենալով, որ տարբեր ազդակներ կրնան խանգարել անոնց քունը:
Մասնագէտները անհրաժեշտ գտած են նաեւ, որ ծնողներ քնանալու յարմար միջավայր ստեղծեն իրենց երեխաներուն համար: Այսպէս, օրինակ, երեխային քնացած սենեակը ըլլայ հանդարտ, թեթեւօրէն լուսաւորուած, ինչպէս նաեւ ունենայ անոր մարմնին ջերմաստիճանին համընկնող ջերմաստիճան: Անոնք աւելցուցած են նաեւ, որ ծնողներ յարգեն իրենց երեխային քունի ժամերը, քանի որ անոնց մէջ յառաջացած որեւէ խախտում կրնայ դիւրաւ խանգարել երեխային քունը:
—————————————————————————————-
Եր՞բ Նորածին Երեխաները Կը Սկսին Կանոնաւոր Կերպով Քնանալ Գիշերը
Վերջերս Եւրոպայի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ նորածին երեխաներուն գրեթէ կէսը կը սկսի գիշերները կանոնաւոր կերպով քնանալ մօտաւորապէս 2-3 ամիս ետք:
Եւրոպացի մասնագէտներ յայտնած են, թէ հինգ ամիս ետք արդէն իսկ երեխաներուն մեծամասնութեան քունը գիշերը գրեթէ առանց ընդհատուելու կը շարունակուի:
Միւս կողմէ, սակայն, կարգ մը երեխաներու գիշերուան քունը կը կանոնաւորուի մէկ տարեկանէն ետք միայն:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող նորզելանտացի մասնագէտ տոքթ. Ժագլին Հենտըրսըն ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը նկատի ունեցած են ինն ամսու ծնած եօթանասունհինգ առողջ երեխաներ: Անոնք մանրամասնօրէն հետեւած են նշեալ երեխաներուն քունին տարբեր հանգրուաններուն՝ անոնց ծնունդէն մինչեւ մէկ տարեկան: Այսուհանդերձ, անոնք իրենց պատրաստած գնահատականին մէջ նկատի ունեցած են երեք տարբեր որականիշներ. կէս գիշերէն մինչեւ առաւօտեան ժամը հինգ քնացող երեխաները, գիշերուան ժամը տասէն մինչեւ առաւօտեան ժամը վեց քնացող երեխաներն ու գիշերը որեւէ ժամէ սկսեալ ութ ժամ քնացող երեխաները:
Նշեալ երեխաներուն ծնողները անոնց քունին տարբեր հանգրուաններուն հետ առնչուած օրագրութիւն պահած են մէկ տարի շարունակ:
—————————————————————————————–
Կողմնակի Տեղադրուած Օդի Պարկերը Որոշ Չափով Կը Պաշտպանեն Երիկամները

Տոքթ. Պրայըն Վոլզք ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակ մը տեղեկութիւններ հաւաքած են 1996-2008 թուականներուն ինքնաշարժի ծանր արկածներ անցուցած եւ լրջօրէն վիրաւորուած երկու հազար ութ հարիւր վաթսունչորս հոգիի առողջական վիճակին մասին: Նշեալ մարդոց հարիւր երեսունիննին երիկամները վնասուած են արկածի ատեն։ Մասնագէտները գտած են, թէ այդ մարդոց միայն մէկ մասին ինքնաշարժին առջեւի մասին մէջ տեղադրուած օդի պարկերը յայտնուած են արկածի ընթացքին։
Նշեալ ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները գտած են նաեւ, թէ ինքնաշարժին կողմնակի բաժիններուն մէջ տեղադրուած օդի պարկերը եւս որոշ չափով պաշտպանած են երիկամները։ Թէեւ նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ կողմնակի տեղադրուած օդի պարկերը, որոնք յայտնուած են, երբ ինքնաշարժը կողմերէն վնասուած է արկածի ատեն, բարձրացուցած են փորին վնասուելու վտանգին տարողութիւնը՝ նկատի ունենալով, որ երբ առջեւի մասին օդի պարկերը չեն յայտնուած նման արկածի ատեն, ապա կողմնակի օդի պարկերը յաւելեալ ճնշում բանեցուցած են երիկամներուն վրայ։ Սակայն նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները անհեթեթ գտած են նշեալ հիմնաւորումը եւ ըսած են, որ նոյնիսկ եթէ կողմնակի յայտնուող օդի պարկերը ուշագրաւ ազդեցութիւն չեն ունեցած երիկամները պաշտպանելու գործընթացին վրայ, միւս կողմէ, սակայն, անոնք չեն ալ վնասած երիկամներուն։
Մասնագէտները նշած են, որ նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ ներառուած ինքնաշարժի ծանր արկած անցուցած ու լրջօրէն վիրաւորուած մարդոց միայն երեսուներեք առ հարիւր համեմատութիւնը արկածի ատեն նստարանի գօտին ամրացուցած է։ Այսուհանդերձ, անոնք ըսած են, թէ կարելի չէ նշեալ ուսումնասիրութեան միջոցով ճշդել օդի պարկերուն երիկամները պաշտպանելու յատկութեան վրայ նստարանի գօտիներուն ունեցած ազդեցութեան տարողութիւնը, եւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ գտած են այդ ուղղութեամբ կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ։
Միւս կողմէ, սակայն, անոնք նշած են, թէ որեւէ ձեւով հարցականի տակ չեն առներ տարբեր արկածներէ նուազագոյն տարողութեամբ վնասուելու կապակցաբար ինքնաշարժներուն նստարանի գօտիներուն ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ անոնց գործածութեան անհրաժեշտութիւնը, այլ անոնք պարզապէս հետամուտ են յաւելեալ տուեալներ գտնելու՝ մանրամասնելու համար արկածի ատեն երիկամները պաշտպանելու գործընթացին վրայ այդ գօտիներուն ունեցած ազդեցութիւնը։
———————————————————————————————-
Սէրը Կրնայ Նուազեցնել Ճնշուածութեան Զգացողութիւնը

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն տոքթ. Ճերըտ Եանկըր ըսած է, թէ ցաւին տարողութեան նուազեցման վրայ սիրոյ ունեցած ազդեցութիւնը քոքայինի եւ կամ զգայազուրկ դարձնող այլ տեսակի թմրեցուցիչներու ազդեցութեան համազօր կրնայ ըլլալ՝ նկատի ունենալով, որ երկուքին պարագային ալ աշխուժացած է ուղեղին ա՛յն բաժինը, որ ճանչցուած է իբրեւ վարձատրութեան գլխաւոր կեդրոն մը։ Նշեալ բաժինը կը մղէ, որ ուղեղը պահանջէ մարմինէն շարունակ այդ վիճակին մէջ մնալ։
Տոքթ. Եանկըր հետեւցուցած է, թէ նման երեւոյթ մը կրնայ որոշ չափով բացատրել թէ՛ սիրոյ զգացումին եւ թէ՛ թմրեցուցիչներուն յառաջացուցած զգացումներուն անզսպելի ըլլալու իրողութիւնը։ Սակայն այստեղ պէտք է նշել, թէ սէրը Աստուածատուր շնորհք մըն է եւ կարելի չէ զայն թմրեցուցիչներու յառաջացուցած զգացումներուն պարունակին մէջ դնել, նոյնիսկ երբ այս երկուքը ուղեղին միեւնոյն բաժինները կ՛աշխուժացնեն, քանի որ սէրը նորոգող է եւ ո՛չ թէ թմրեցուցիչներուն նման քանդող, կամքը զօրացնող է եւ ո՛չ թէ՝ տկարացնող, ինչպէս նաեւ ազատագրող է եւ ո՛չ՝ գերեվարող։
Ամերիկացի ջղահոգեբան փրոֆ. Փոլ Կիլպըրթ յայտնած է, թէ ճնշուածութենէ տառապող մարդիկ, ինչպէս նաեւ իրենք զիրենք առանձին զգացող մարդիկ ընդհանրապէս շատ աւելի հակամէտ են ցաւ զգալու, քան՝ իրենք զիրենք ապահով զգացող մարդիկը։

Փրոֆ. Կիլպըրթ նշած է, թէ նախապէս կատարուած այլ ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ երբ քաղցկեղի յառաջացած հանգրուաններու մէջ գտնուող մարդոց բնութեան հրաշալի պատկերներ ցոյց տրուած են, թէեւ կարճ ատեն մը, սակայն ուշագրաւ կերպով նուազած է անոնց զգացած սոսկալի ցաւերուն տարողութիւնը. բան մը, որ ցաւազրկիչ դեղահատերը չեն յաջողած ընել նման հանգրուաններու մէջ եղող հիւանդներուն։ Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ այդ հիանալի պատկերները նպաստած են նաեւ քիմիաբուժութիւն ստացող հիւանդներուն, ինչպէս նաեւ շողարձակ ճառագայթներու միջոցով դարմանում ստացող հիւանդներուն զգացած սոսկալի ցաւերուն տարողութեան նուազեցման։
Փրոֆ. Կիլպըրթ յաւելեալ հիմնաւորելու համար իրենց սիրած անձին նկարը դիտած ատեն ուսանողներուն նուազ տարողութեամբ ցաւ զգալու երեւոյթը, տուած է օրինակը ֆութպոլ խաղացող մարզիկի մը, որ խաղի ատեն ծանրօրէն վիրաւորուած ըլլալով հանդերձ, շարունակած է իր խաղարկութիւնը՝ հակառակ իր զգացած ցաւերուն։ Փրոֆ. Կիլպըրթ բացատրած է, թէ ֆութպոլին հանդէպ այդ մարզիկին ունեցած մեծ սէրը նուազեցուցած է ցաւին տարողութիւնը…:
Էջը Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ