
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Պարոն Պապիկ Պապիկեան, Նորմընտի եւ Հոլիվուտ փողոցներուն անկիւնը գտնուող ձեր դեղատունը տասնամեակներէ ի վեր, անձնուիրաբար կը ծառայէ Հոլիվուտի հայ համայնքին: Ձեր եւ միւս աշխատակիցներու պատրաստակամ եւ սիրալիր մօտեցման շնորհիւ, այցելու հիւանդներէն շատերուն համար այս դեղատունը դարձած է մտերմիկ եւ վստահելի անկիւն մը, ուր, բացի դեղորայք առնելէն, հիւանդը դեղագործէն կը ստանայ նաեւ յաւելեալ տեղեկութիւններ դեղերու օգտագործման մասին: Մեծապէս գնահատելով ձեր երկարամեայ ծառայութիւնը, ուզեցինք ընթերցողին աւելի մօտէն ծանօթացնել ձեր եւ ձեր դեղատան գործունէութեան մասին: Շնորհակալ ենք, որ ընդառաջեցիք մեր խնդրանքին: Նախքան միւս հարցումներուն անցնիլը, պիտի խնդրէինք ձեր համառօտ կենսագրականը:
ՊԱՊԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ- Ծնած եմ Պուքրէշ (Ռումանիա): 1963ին ընտանեօք տեղափոխուած ենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Լոս Անճելըս քաղաքը: Իսկ 1965ին յաճախած եմ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ֆերահեան երկրորդական վարժարանը, դառնալով առաջին շրջանաւարտներէն մէկը: Այստեղ է, որ տնօրէնի հոգածութեան ներքոյ, համեստ պայմաններու, բայց հայաշունչ մթնոլորտի մէջ ընթացած են իմ դպրոցական տարիները: Ուրախութեամբ կ՛ուզեմ շեշտել՝ այդ դպրոցին մէջ է, որ իմ ազգային դաստիարակութեան հիմքը կը դրուի, որու համար պարտական եմ կր-թական մշակ, երախտաւոր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին, որ անվհատ ճիգով կը պայքարէր ճերմակ ջարդէն փրկելու օտար ափերու վրայ հասակ նետող հայ մատաղ սերունդը: Սակայն, պէտք է խոստովանիմ, որ պատանեկան տարիքի մէջ ըլլալով, այն ատեն չէի գիտակցեր ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը: Միայն, տարիներ անց պիտի գիտակցէի Սփիւռքի մէջ մեր ինքնութեան պահպանման համար տարուող ամէնօրեայ պայքարի անհրաժեշտութիւնը: Սակայն, այդ մասին կ՛անդրադառնամ քիչ ետք:
Դպրոցը աւարտելէ ետք ուսանած եմ եւ աւարտած Արիզոնայի համալսարանի դեղագործական բաժինը, զոր աւարտած եմ 1977ին, ստանալով Doctor of Pharmacy կոչումը: Ապա աշխատանքի անցած եմ տեղւոյն դեղատուներէն մէկուն մէջ: Ընտանեկան որոշ պարագաներու բերումով, երկու տարի ետք, կը հաստատուիմ Լոս Անճելըս, վերադառնալով ընտանիքիս մօտ: Ամուսնացած եմ եւ բախտաւորուած երկու դուստրերով:
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.-Պարոն Պապիկեան, գիտենք որ ձեր հայրը նոյնպէս դեղագործ էր: Արդեօք ինք որեւէ ազդեցութիւն գործած է ձեր վրայ, որպէսզի ընտրէք դեղագործի ասպարէզը:
ՊԱՊԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. Այո: Հայրս մեծապէս ազդած է վրաս: Տակաւին Ռումանիոյ մէջ ինք տարիներու դեղագործ էր եւ ունէր իր դեղատունը: Յետագային, բոլշեւիկեան տիրապետութեան հաստատումէն ետք, երբ հօրս դեղատունը կը զաւթեն, կը դժուարանայ իր գործը, ստիպուած կ՛ըլլան տեղափոխուիլ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, կայք հաստատելով Լոս Անճելըս: Նոր միջավայրը եւ ընտանեկան պարտաւորութիւնները արգելք կը հանդիսանան, որ հայրս շարունակէ իր սիրած մասնագիտութիւնը: Իր երազի իրականացումը ան պիտի տեսնէր իր որդիին մէջ: Պէտք է խոստովանիմ, որ ոչ թէ ներքին մղումով, այլ՝ հօրս ցանկութեան հետեւելով է որ ընտրեցի դեղագործութեան ասպարէզը: Արիզոնայի մէջ շատ մինակ էի, հայութեան եւ հայաշունչ մթնոլորտի պակասը կը զգայի: Այդ էր պատճառը, որ տեղափոխուեցայ Լոս Անճելըս եւ սկսայ աշխատիլ դեղատան մը մէջ: Այդ օրերուն Հոլիվուտի մէջ հայութեան թիւը փոքր էր:
Անցեալ դարու եօթանասունական թուականներու վերջաւորութեան, Միջին Արեւելքէն, Հայաստանէն, եւ այլ երկիրներէ սկսած արտագաղթի հետեւանքով, հայերու ստուար զանգուած մը եկաւ հաստատուելու Լոս Անճելըս: Զգալի էր հայկական դեղատան մը պակասը: Յետագային, 1980ին այս դեղատունը հիմնեցի, որ միակն էր որպէս հայ դեղատուն: Կամաց-կամաց հայ հիւանդներ սկսան յաճախիլ: Այստեղ սկսայ հասկնալ, թէ որքան կարեւոր է հայոց լեզուի, պատմութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը: Որպէսզի կարողանամ լաւագոյնս ծառայել իմ հայրենակիցներուն, սկսայ կարդալ հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ գիրքեր: Կ՛ուզեմ աւելցնել, որ անդամ եմ California Pharmacist Association-ի:
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Արդէն 30 տարի է, որ կը ծառայէք հայ համայնքին: Պատկառելի տարիք: Ինչպէս կ՛աշխատիք օգտակար հանդիսանալ հիւանդներուն եւ ի՞նչ է դեղագործին պարտականութիւնը:
ՊԱՊԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. Ծառայելով հայութեան, ինքս ներքին գոհունակութիւն կը զգամ. անիկա ուժ կու տայ ինծի, որ աւելի եռանդով շարունակեմ գործս: Երբ ինծի պարտականութիւն մը կը տրուի, այդ գործը մինչեւ վերջ, կրցածիս չափ լաւագոյն ձեւով պիտի կատարեմ եւ աւարտին հասցնեմ. այս է սկզբունքս:
Գալով դեղերուն, կ՛ուզեմ նշել, որ դեղը թոյն մըն է, որ բժիշկի ցուցմունքներուն հետեւելով ճիշտ օգտագործելու պարագային բուժիչ կ՛ըլլայ, իսկ սխալ օգտագործելու պարագային թոյնի կը վերածուի: Եղած են դէպքեր, երբ հիւանդը տարբեր բժիշկներու դիմելով եւ միաժամանակ նոյն բնոյթի դեղը կրկնակի առնելով թունաւորման ենթարկուած է: Դեղագործի գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկը բժիշկին ցուցումներուն հետեւիլն է, որպէսզի դեղորայքը ճիշդ ձեւով հասցուի հիւանդին: Դեղագործի դերերէն մէկն ալ նաեւ բժիշկներու հետ կապ պահելով անոնց զգուշացնելն է, թէ հիւանդը ինչ դեղ կ՛առնէ, որպէսզի խուսափինք կրկնութիւններէ: Միաժամանակ, լրացուցիչ բացատրութիւններ կու տանք հի-ւանդներուն:
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Իսկ ի՞նչ ունիք փոխանցելու ձեր օգնական աշխատակիցի մասին, որ տարիներ շարունակ, սիրալիր եւ պատրաստակամ կը ծառայէ հայ եւ օտարազգի հիւանդներուն:
ՊԱՊԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. Սիրով: Աշխատակիցս՝ պարոն Հէնրի Խաչատուրեանը Pharmacy Technician է: Ան իմ աջ բազուկս է եւ արդէն 26 տարիներ է, որ կ՛աշխատի այս դեղատան մէջ: Արտագաղթած է Իրաքէն: Ունի երէք զաւակներ: Հայաշատ այս գաղութէն ներս բերած է իր լուման, տարիներ առաջ զբաղեցնելով հոգաբարձուի պաշտօնը: Այժմ, իբրեւ աւագ սարկաւագ կը ծառայէ հայ եկեղեցիին: Իր գործը կը կատարէ սիրով եւ բծախնդրօրէն:
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ.- Պ. Պապիկեան, որոնք են ձեր նախասիրութիւնները եւ եզրափակիչ ձեր խօսքը:
ՊԱՊԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ. Ընթերցանութիւնը շատ կը սիրեմ: Առաւելապէս կը կարդամ հայոց պատմութեան վերաբերեալ գիրքեր. Պալաքեանի գործերէն կը կարդամ: Մեր պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ իմացութիւնը կարեւոր է մեր ինքնութիւնը պահելու համար: Բացի անկէ, կ՛ուզեմ, որ օտարէն աւելի իմանալ մեր պատմութիւնը: Կը սիրեմ նաեւ ճամբորդել: Եզրափակելով խօսքս, կ՝ուզեմ աւելցնել, որ ուժերուս ներած չափով պիտի շարունակեմ ծառայել մեր համայնքին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Ասպարէզ»ին եւ կը ցանկամ յաջողութիւն: