ՄՈՍԿՈՒԱ, «Այսօր».- «Ռուսաստանի լաւագոյն երիտասարդ գիտնական» մրցոյթին յաղթական հանդիսացած է 19ամեայ Հայկ Իշխանեանը, որ այս տարի աւարտած է Մոսկուայի բնագիտական-գիտարուեստական հիմնարկի ընդհանուր եւ կիրառական բնագիտութեան բաժինը:
Մրցոյթի ընթացքին հաշուի առնուած են Իշխանեանի՝ միջազգային լաւագոյն ամսագիրներու մէջ տպագրուած 12 գիտական յօդուածները: Ներկայիս ան կը հետազօտէ «Պոզէ-Այնըշթայնեան» կարծիքը, դպրոցականներու եւ համալսարանականներու կը դասաւանդէ բնագիտութիւն, բարձրագոյն ուսողութիւն ու հայերէն. ան նաեւ որոշ մարզաձեւերու մարզիչ է:
Հայկ Իշխանեան 2010ին մասնակցած է Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուող «Եօ երթաս, Պոզէ-Այնշթայնեան խտուցք» միջազգային գիտաժողովին, որ կ՛իրականանայ 2 տարին մէկ անգամ: Գիտաժողովի ծիրէն ներս, սոյն ոլորտի առաջատարները ներկայացուցած են իրենց ծրագիրներն ու առաջարկները, իսկ Հայկը՝ «Պոզէ խտուցքների քուանթային վերպարիէրային անդրադարձ. ռեզոնանսներ» հետազօտական ծրագիրը:
Երիտասարդ գիտնականը նաեւ կը համագործակցի «IRMAS» հայ-ֆրանսական միացեալ տարրալուծարանին: Քանի մը հայ ուսանողներու հետ, ան հեղինակած եւ ստեղծած է «Լապորաթորիա առանց պատերի» նախագիծը: