
ԱՍԹԱՆԱ.- ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Դեկտեմբեր 1ին, Ասթանայի մէջ իրականացուող ԵԱՀԿի վեհաժողովին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման՝ կոչ ընելով պահպանելու բոլոր սկզբունքները:
«Մենք պէտք է վերականգնենք մեր ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ՝ Մինսկի խումբի գլխաւորութեամբ մշակուած սկզբունքներուն հիման վրայ: Թոյլ տուէք անգամ մը եւս Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներուն անունով կրկնել, որ իւրաքանչիւր արդարացի եւ երկարատեւ խաղաղութիւն պէտք է հիմնուած ըլլայ Հելսինքեան սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ 6 կէտերու վրայ, որոնք մշակուած են նախագահներ Մետվետեւի, Սարքոզիի եւ Օպամայի կողմէ՝ 2009 Յուլիս 10ին», ըսած է Քլինթըն:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները, 2009 Յուլիս 10ին, Իտալիոյ Աքուիլա քաղաքին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով ընդունած էին միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն ընդմէջէն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները յորդորած էին կարգաւորել երկարատեւ հակամարտութիւնը: ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու ղեկավարները իրենց աջակցութիւնը յայտնած էին՝ «կարգաւորման հիմնարար սկզ-բունքներու մշակումը աւարտելու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն»:
Նշենք նաեւ, որ Աքուիլայի յայտարարութեան կից յայտնուած տեղեկանքին մէջ, հակամարտութեան կարգաւորման Մատրիտեան սկզբունքները կ՛ենթադրեն Լեռնային Ղարաբաղի յարակից տարածքներու վերադարձ՝ Ատրպէյճանին, անվտանգութեան եւ ինքնակառավարման երաշխիքներ ու միջանկեալ կարգավիճակ՝ Լեռնային Ղարաբաղին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ցամաքային կապ, տեղահանուածներու եւ փախստականներու վերադարձի իրաւունք, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի յետագայ որոշում՝ «իրաւական առումով պարտադիր ուժ ունեցող կամքի արտայայտութեան միջոցով»:
Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել նոյնպէս, Ասթանայի վեհաժողովին ընթացքին ներկայացուցած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է հակամարտութիւններուն՝ նշելով, որ ԵԱՀԿի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ առկայ հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին առաւել աշխուժութեամբ:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին եւ Մինսկի խումբին, «ապագային այդ գործընթացը պէտք է շարունակուի այդ իսկ հիմքին վրայ, որ կը դրուի այստեղ», աւելցուցած է Գերմանիոյ վարչապետը։