ԱՍԹԱՆԱ.- Դեկտեմբեր 1ին, Ասթանայի մէջ սկսած ԵԱՀԿ վեհաժողովի ծիրէն ներս, նոյն օրը նախատեսուած Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը չէ կայացած, որովհետեւ, վերջին պահուն, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հրաժարած է հանդիպումէն։ Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներու, Ատրպէյճանի նախագահը չէ կրցած բացատրութիւն գտնել նաեւ նոյն օրը իր անունով հրապարակուած յայտարարութեան բովանդակութեան. վեհաժողովին ընթացքին հնչեցուցած իր ելոյթին մէջ, ան Հայաստանը մեղադրած է պատերազմական յանցագործութիւններով եւ ցեղասպանութիւններով, ու պնդած, թէ Հայաստանը «զօրավարժութիւններ իրականացնելով գրաւուած տարածքներու վրայ, փոխելով քաղաքներու եւ գիւղերու անուանումները եւ անօրինական կերպով բնակեցնելով գրաւուած տարածքները՝ կը փորձէ իմաստազրկել խաղաղ բանակցային գործընթացը»:
Նախագահներ Սարգսեանի եւ Մետվետեւի հետ հանդիպումէն Ալիեւի հրաժարումը տարակուսանքի մատնած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները, որոնց կազմակերպութեամբ պիտի կայանար սոյն հանդիպումը։