ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

1988ին շղթայազերծուած «Ղարաբաղեան Շարժման» առաջին իսկ պոռթկումներէն լսելի էին արձագանգները գաղափարախօսական խմորումի մը, որ այսօր արդէն աւարտուն տեսք ստացած է եւ իբրեւ իշխող հոսանք՝ պետական ու պաշտօնական հանդիսաւորութեամբ շքերթ կը կատարէ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին։
Խօսքը կը վերաբերի «Ազգային Պահպանողական» գաղափարախօսութեան, որ այսօր պաշտօնական հանգանակը դարձած է Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան։
Իբրեւ հայաստանատիպ ուրոյն հոսանք, «ազգային պահպանողականութիւն»ը յայտնուեցաւ 1990ականներուն, վեց–եօթը տարի աջ ու ահեակ դեգերեցաւ ու ինքնահաստատման վարանոտ քայլեր նետեց՝ իր ջատագովները որոնելով նորայայտ բոլոր կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներուն մէջ, սկսելով Հայոց Համազգային Շարժումէն, անցնելով Հայաստանի Հանրապետական եւ Քրիստոնեայ–Դեմոկրատ կուսակցութիւններէն եւ հասնելով մինչեւ Ցեղակրօնականներուն, Նժդեհականներուն ու Երկրապահ Կամաւորականներուն։ Իսկ երբ 1998ին քաղաքական ամուսնութիւն կնքուեցաւ Վազգէն Սարգսեանի Երկրապահներուն եւ Աշոտ Նաւասարդեանի Հանրապետականներուն միջեւ, իշխանութեան համակարգին դռները լայնօրէն բացուեցան «ազգային պահպանողական» գաղափարախօսութեան հաւատարմագրուած խայտաբղէտ գործիչներուն, յատկապէս Նժդեհական ու Ցեղակրօն հաւատաւորներուն առջեւ։ Եւ այս վերջիններու հետեւողական ճիգով էր, որ մեր երկրի ու պետութեան ղեկը ստանձնած իշխանաւորները ունեցան աւարտուն տեսքով գաղափարախօսութեան մը պաշտօնական հանգանակը՝ իմա՛ հայաստանատիպ «Պահպանողականութիւնը»։
Ուշագրաւ է, որ միջազգային «Պահպանողական» հոսանքին հետ գաղափարական իր սերտ աղերսները ունենալով հանդերձ՝ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան առաջադրած եւ ՀՀ իշխանութեանց որդեգրած «Պահպանողականութիւն»ը շեշտակիօրէն հայաստանատիպ է։ Ոչ այն առումով, որ «Ազգային Պահպանողական» է «մերը»։ «Ազգային Պահպանողական» կուսակցութիւններ շատ կան երկրագունդի երեսին։ «Մեր» առանձնայատկութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ հայաստանատիպ «Ազգային Պահպանողականութիւն»ը կը համատեղէ «դասական պահպանողականներն» ու «ցեղակրօն նժդեհականները»։
Նոյն այդ առանձնայատկութիւնն է թերեւս այն պատճառը, որ Հայաստանի մէջ «դասական պահպանողականութեան» յարող գործիչները, ինչպէս ՀՀՇականները, «ազգային պահպանողական»ի պատմուճանը կը զլանան Հանրապետականներուն, պարզապէս «ցեղակրօնական կամ ցեղապաշտական» համարելով ՀՀԿի գաղափարախօսութիւնը։
Եւ բնաւ զարմանալի չէր։ որ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան նախագահին գաղափարախօսական հարցերով տեղակալը՝ Մուշեղ Լալայեան վերջերս հանդէս եկաւ կուսակցութեան գաղափարաբանութիւնն ու աշխարհայեացքը պարզաբանող ծրագրային ելոյթով մը, որ լայն արձագանգ գտաւ օրուան իշխանութեանց մերձաւոր քարոզչամիջոցներուն կողմէ։ Մ. Լալայեանի բառերով՝ «ՀՀԿ գաղափարախօսութիւնը պէտք է բնորոշել իբրեւ ազգային պահպանողական, ինչը ամրագրուած է կուսակցութեան ծրագրում»։
Ճիշդ այդ «Ազգային Պահպանողական»ին կը վերաբերի այսօրուան մտածումը։
ՀՀԿի տեսաբանին ելոյթը պատահական չէր. ունէր շարժառիթ եւ պատասխան էր արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան հանրահաւաքի ընթացքին ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր–Պետրոսեանի կողմէ հնչած հեգնական այն ակնարկութեան, թէ Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը «ցեղապաշտական կամ ցեղակրօնական» է։ Լրացման կարգով՝ «ի գիտութիւն անտեղեակների», Լ. Տէր–Պետրոսեան նաեւ նշած էր, որ «ցեղապաշտութիւնը կամ ցեղակրօնութիւնը ոչ այլ ինչ են, եթէ ոչ «ռասիզմ» բառին հայերէն թարգմանութիւնը»…
Իսկ Մ. Լալայեան, իր պատասխանին մէջ, «Ազգային Պահպանողական»ի պատմուճանը Հանրապետականներուն զլացող Լ. Տէր–Պետրոսեանին հասցէին հնչեցուցած էր այն մեղադրանքը, թէ ազգային գաղափարախօսութիւնը «կեղծ կատեգորիա» հռչակողի պարագային «նորութիւն չեն ազգայինի հանդէպ քամահրանքը»…
Բարացուցական է հրապարակային այս բանավէճը, որովհետեւ նախ ցոյց կու տայ պահպանողականութեան գտած պարարտ հողը՝ Հայաստանի մէջ, վերջին քսանամեակին, քաղաքական բեմահարթակը գրաւած գործիչներու մօտ։ Ապա՝ կու գայ հաստատելու, որ մեր ժողովուրդին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն, այս պարագային՝ իրապէ՛ս, անտեղեակները՝ հայկական պահպանողականութեան կտրած ուղիին մասին։
Այսինքն՝ տեղեակ չեն, որ «Պահպանողականութիւն»ը նորայայտ երեւոյթ չէ հայ ժողովուրդին համար։ Նոյնիսկ 1990ականներէն առաջ, տակաւին խորհրդային ամբողջատիրութեան ժամանակ, յատկապէս 1960ականներու վերջերուն եւ որոշապէս «Ազգային Միաւորեալ Կուսակցութեան» ընդյատակեայ սաղմնաւորման շրջանին, հայկական պահպանողականութեան գաղափարախօսական ցիրուցան հունտերը նկատելի էին հայրենի իրականութեան մէջ։ Պարզապէս «Ղարաբաղի միացման շարժում»ը եւ այդ ճամբով Հայաստանի վերանկախացման թռիչքը պէտք էին, որպէսզի յետ–խորհրդային ժամանակաշրջանին առաջացած գաղափարախօսական բացը լեցնելու նկրտումը ոտքի հանէր եւ թափ տար հայկական պահպանողականութեան մերօրեայ գաղափարախօսներուն։
Պահպանողականութիւնը նորութիւն չէ մանաւանդ սփիւռքի հայութեան համար, որ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան հետեւանքով հայրենահան դարձած՝ տարագրութեան առաջին իսկ տարիներէն պահպանողականութեան մէջ տեսաւ իր գոյապահպանումն ու հայապահպանումը ապահովելու ծառայող գաղափարախօսութիւն մը։ Ազատութեան եւ արդարութեան մասին մտածելէ առաջ, տարագիր հայը օրհասական կարիքը ունէր իր ֆիզիքական գոյատեւումը ապահովող միջոցներու։ Վրաններու տակ եւ թիթեղաշէն խրճիթներու մէջ պատսպարուած գաղթական հայութիւնը, իր վերապրումին համար, սեփական ջանադրութեան ապաւինելէ ետք, յոյսը հիմնովին կապած էր ունեւոր հայերու օգնութեան եւ հոգատարութեան։ Զանգուածային այդ հոգեբանութիւնը պարարտ հող էր պահպանողական գաղափարախօսութեան տարածման համար եւ այդպէս ալ եղաւ մինչեւ 1960ականները, երբ ֆիզիքական գոյատեւման ու հայապահպանման իր կռուանները կազմակերպած սփիւռքահայութիւնը, ուշագրաւ թափով, շրջադարձ կատարեց դէպի քաղաքականացում եւ յեղափոխականացում՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին մերօրեայ զարթօնքը իրականացնելով եւ համապատասխան գաղափարախօսութիւն զարգացնելով, ուր պահպանողականութիւնը այնքան ալ ընդունելի տեղ չունեցաւ…
Աւելի՛ն. յետ–Եղեռնեան սփիւռքի կազմութենէն առաջ ալ, «Պահպանողականութիւն»ը իշխող գաղափարախօսութիւն եղած էր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Խորքին մէջ մինչեւ 1850ականները, «Պահպանողականութենէն» զատ գաղափարախօսութիւն հող չէ գտած մեր ժողովուրդի զանգուածային հոգեբանութեան մէջ, որովհետեւ թրքական, պարսկական եւ ռուսական տիրապետութեանց տակ գերեվարուած՝ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներն ալ դիմագրաւած են, ամէն բանէ վեր, ֆիզիքական եւ ազգային իրենց տարրական գոյատեւումը ապահովելու առաջնահերթ հրամայականը՝ այս կամ այն սրութեամբ։ Միայն 1850ականներէն ետք է, որ Աշխարհաբարի որդեգրման շարժումին հետ թափ առած Ազգային Զարթօնքը յառաջդիմական գաղափարներով վերանորոգեց հայ ժողովուրդի կեանքն ու մտածողութիւնը՝ կղերապետութեամբ առաջնորդուող պահպանողականութեան դէմ պայքար ծաւալելով։
Պահպանողականութեան հետ հայ քաղաքական մտքի ամէնէն սուր բախումը տեղի ունեցաւ 19րդ դարավերջին, երբ հայ ազգային–ազատագրական շարժումը իր առաջին քայլերէն իսկ հարուածի տակ առնուեցաւ ոչ միայն Օսմանեան եւ Ցարական բռնակալութեանց, այլեւ այս վերջիններու պաշտօնական հովանաւորութիւնը վայելող հայ պահպանողական կղերի եւ փողատէր խաւին կողմէ։ Իբրեւ հայոց ազգային–ազատագրական շարժման դէմ կողմնորոշուած գաղափարախօսութիւն՝ հայկական պահպանողականութիւնը թիրախ դարձաւ հայ յեղափոխականներու գաղափարական բուռն յարձակումներուն, ինչ որ ալ ըլլար Յեղափոխական Հայութեան ընտրած արեւելումը, Ազատական ըլլար թէ Ընկերվարական, Ժողովրդավարական ըլլար թէ Անիշխանական։ Ի դէպ, յեղափոխական այդ հոսանքները բոլորն ալ, տարբեր չափի ժողովրդականութեամբ, անսակարկ նետուած էին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան համար շղթայազերծուած պայքարին մէջ։
Պատմական հոլովոյթի այս խորապատկերին վրայ դիտուած, «ազգային պահպանողականութեան» այսօրուան՝ հայաստանատիպ շքերթը էապէս փորձ մըն է վերստին իր հունէն շեղելու հայ ժողովուրդին ազգային–ազատագրութեան պայքարը, որ թեւակոխած է նոր փուլ՝ ազգային պետականութեան կռուանով Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը յառաջ մղելու փուլը։
Հայաստանի ամբողջացման, հողահաւաքի ու ազգահաւաքի իրագործման եւ հայրենի հողի վրայ ազատ ու անկախ կեանքի հասարակական հիմերու ամրապնդման փոխարէն՝ «Ազգային Պահպանողական» գաղափարախօսութիւնը կ՛առաջադրէ պայքար Ազատականութեան եւ Ընկերվարութեան դէմ։
Հասկնալի է, որ խորհրդային ամբողջատիրութեան դառն բաժակը ցմրուր ճաշակած հայը մերժելով մերժէր գաղափարական այն արժէքները, որոնց անունով հաստատուած պետական համակարգը ոչ միայն կապ չունեցաւ այդ արժէքներուն հետ, այլեւ էապէս վարկաբեկեց զանոնք՝ միայն անաստուածութիւն եւ ապազգայնացում տարածելով, անբարոյականութիւն եւ եսապաշտութիւն սերմանելով, ազգերու եղբայրացման կեղծ հանդէսներ սարքելով եւ դասակարգերու ջնջման պատրանքներ սնուցանելով։ Մահացու հարուած ստացան մարդոց, նաեւ ու մանաւանդ հայ մարդուն հաւատքն ու վստահութիւնը գաղափարական արժէքներու հանդէպ, որքան ալ ըստ էութեան անոնք երաշխիքը ըլլային ազատութեան եւ արդարութեան, իրաւունքին ու հաւասարութեան։ Եւ երբ փուլ եկաւ Չարիքի Կայսրութիւնը, ստեղծուեցաւ բառին ծանրագոյն իմաստով գաղափարապաշտութեան մեծ բաց ու անդունդ, ինչ որ խոր տագնապի մատնած է ե՛ւ յետ–խորհրդային տարածաշրջանի ժողովուրդները, ե՛ւ ընդհանրապէս ողջ աշխարհը՝ գաղափարախօսութեանց սնանկացման հետեւանքով։
Բայց ոչ միայն հասկնալի չէ, այլեւ այս պարագային սեփական ժողովուրդին նոյնքան եւ աւելի մեծ հիասթափութեան կ՛առաջնորդէ ապագաղափարականացման, աւելին՝ հակագաղափարականացման ճիգը, որուն լծուած է «Ազգային Պահպանողական» գաղափարախօսութիւնը այսօրուան Հայաստանի իրականութեան մէջ։
Խորհրդային ամբողջատիրութեան գործած աւերը դարմանելու ուղիղ ճանապարհը անոր վարկաբեկած արժէքներու համակարգին վերականգնումն է առաջին հերթին։
Գաղափարապաշտութեան հզօր ուժին վերաթարմացումը մանաւանդ։
Աստուծոյ հաւատալու եւ աստուածապաշտ ըլլալու, ցեղային իր արժանաւորութեան տէր կանգնելու, հայոց այբուբենին եւ հայ մշակոյթին ստեղծագործաբար փարելու դժուարութիւն չունի այսօր մեր ժողովուրդը։ Բայց լուրջ դժուարութիւն ունի ազատութեան ու արդարութեան, բազմակողմանի զարգացման եւ իրաւահաւասարութեան լիարժէք տիրանալու վերանկախացեալ իր հայրենիքին մէջ։ Տակաւին երկար ու դժուարին երթ կայ մեր ժողովուրդին առջեւ՝ նուաճելու իր ամբողջական ազատագրութիւնը, հողահաւաքով ու ազգահաւաքով, ժողովրդավարական եւ ընկերվարական ազատ ու արդար կարգերու հաստատումով։
Եւ ինչպէս 120 տարի առաջ, այսօր ալ հայ պահպանողականները հաց աղերսող հայուն անխղճօրէն քար կու տան…
Քրիստափորի եւ Զաւարեանի 120ամեայ ընդվզումը այսօր ալ ի զօրու է։