ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մէկ կողմէ կը փորձէ անցեալի ոճիրները նսեմացնել, իսկ միւս կողմէ՝ տասնամեակներով անտեսուած փոքրամասնութիւններուն սահմանափակ իրաւասութիւններ շնորհել, թրքական այլամերժութեան օրինակի մը կը հանդիպինք Թուրքիայէն հեռու վայրի մը մէջ:
Տասնամեակներով թուրք աշխատաւորներ հիւրընկալած եւ ներկայիս այդ ուրճացած հաւաքականութեան հետ համատեղ ապրելու դժուարութիւնը դիմագրաւող Գերմանիոյ իշխանութիւնները, սկսեալ վարչապետէն՝ սկսած են արտայայտութիւններ ունենալու գերմանական ընկերութեան չյարմարուելու իսլամ եւ յատկապէս թուրք ներգաղթողներու կեցուածքին վերաբերեալ: Կեդրոնական դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկը նոյնիսկ իր պաշտօնը կորսնցուց, որովհետեւ իր հեղինակած գիրքին մէջ կը պնդէր, թէ իսլամ եւ թուրք ներգաղթողները երկիրը կը տկարացնեն:
Այս մասին յօդուած մը լոյս տեսած էր «Իքոնոմիս»չ շաբաթաթերթի վերջին թիւերէն մէկուն մէջ, իսկ այդ յօդուածին մասին նամակ մը թերթին յղած էր Լոնտոնէն Ինկօ Շթայնհաուսըր անունով ընթերցող մը, որ թրքական այլամերժութեան մասին իր օրինակը ուզած է բաժնել թերթին միւս ընթրցողներուն հետ:
Թերթին Նոյեմբեր 27-Դեկտեմբեր 3 թիւին մէջ լոյս տեսած նամակին մէջ, ան կը գրէ, թէ վերջերս Պերլինի մէջ տեղի ունեցած Գերմանիա-Թուրքիա բարեկամական մրցումին ընթացքին, ամէն անգամ, որ Գերմանիոյ խումբէն խաղացող՝ թուրք ծնողներու զաւակ Մեստու Էօզիլ, գնդակը կը հարուածէր, մրցումին ներկայ եղած տասնեակ հազարաւոր թուրք համակիրներ, որոնց մեծ մասը գերմանաբնակ թուրքեր եղած են, անարգական բացականչութիւններ կ՛ունենային անոր հասցէին՝ հաւանաբար Գերմանիա ծնած խաղացողը «դաւաճան» մը նկատելով: «Այս համակիրներուն կեցուածքը շատ բան կ՛ըսէ համակեցութեան նկատմամբ թուրքերուն ունեցած կարծիքին մասին», կ՛զերակացնէ նամակագիրը: