
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Լոս Անճելըսի կեդրոնական գրադարանի «Մարք Թէյփըր» սրահին մէջ (630 West Fifth Street, Los Angeles) տեղի պիտի ունենայ Փիթըր Պալաքեանի նոր հատորին՝ «Ziggurat»ի ներկայացումը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ հեղինակը:
Պալաքեանի նոր հատորը, որ հեղիանկին առաջին բանաստեղծական հատորն է վերջին 9 տարիներու ընթացքին, նուիրուած է Սեպտեմբեր 11ի ահաբեկչական արարքներէն ետք ստեղծուած ու անորոշութեամբ յատկանշուող ամերիկեան նոր ինքնութեան:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aloudla.org կայքը կամ դիմել (213) 228-7025 թիւին: Մուտքը ազատ է, իսկ յայտագիրը անգլերէնով պիտի իրագործուի:
Պալաքեան իր նոր հատորը պիտի ներկայացնէ նաեւ Մելնօ Փարքի մէջ, Նոյեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 7ին («Keplers Books», 1010 El Camino Real, Menlo Park, CA 94025, (650) 324-4321), Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Նոյեմբեր 20ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին («The Booksmith», 1644 Haight Street, San Francisco, CA (415) 863-8688) ու Պըրքլիի մէջ, Նոյեմբեր 21ին, կ.ե. ժամը 4ին («Mrs. Dalloways», Berkeley, (510) 704-8228):
Հեղինակի համացանցային կայքին հասցէն է՝ www.peterbalakian.com: