ԼՈՆՏՈՆ.- Համաշխարհային դրամատան նախագահ Ռապըրթ Զելիք «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրած է, թէ աշխարհի գլխաւոր տնտեսութիւնները պէտք է դրամական արժէքները կարգաւորող նոր համակարգ մը մէջտեղ բերեն, ինչ որ պիտի փոխարինէ 1971էն ի վեր գործող համակարգը, ուր համաշխարհային դրամանիշերը ոսկիի փոխարէն՝ կապուած են ամերիկեան տոլարին։
Զելիք կոչ ըրած է հաստատելու համակարգ մը, որուն հիմքը պիտի ըլլան քանի մը դրամանիշեր՝ ամերիկեան տոլարը, եուրօն, ճափոնական ենը, անգլիական սթերլինը եւ չինական եուանը։
Ըստ Համաշխարհային դրամատան նախագահին, նոր համակարգը նաեւ պէտք է ոսկին դիտարկէ իբրեւ կողմնորոշիչ՝ միջազգային շուկային մէջ սղաճի, գիներու անկումի եւ դրամանիշերու արժէքի ակնկալիքներուն։
Իր կարգին, «Ֆայնանշըլ Թայմզ» կը գրէ, թէ Զելիքի տեսակէտները կ՛արտացոլացնեն միջազգային դրամական համակարգին նկատմամբ ընդհանուր անհանգստութիւնը:
Յայտնենք, թէ Սէուլի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած Քսանի խմբակի գերաստիճանին ընթացքին անգամ մը եւս կոչ եղաւ Չինաստանի իշխանութեան, որ եուանի արժէքը արհեստականօրէն ցած պահելու միջամտութիւնները կասեցնէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.