
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան այցելող Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17ին յայտարարեց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարելի է լուծել միայն բանակցութիւններու միջոցաւ եւ արդարութեան ու փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ:
«Տարածաշրջանի ժողովուրդները պէտք է ապրին հաշտ ու համերաշխ: Մենք հարեւաններ ենք, մեր դրացիութիւնը չենք կրնար ժխտել: Այս է աշխարհագրութիւնը եւ պատմութիւնը: Եթէ մենք փորձենք մեր խնդիրները լուծել արդարութեամբ ու բարեկամական ոգիով, բոլոր խնդիրները կը գտնեն իրենց լուծումը: Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծումը նոյնպէս կարելի է բանակցութիւններու ճանապարհով, արդարութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ», ըսաւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահը «Lider» կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ահմատինեժատի համաձայն, տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան առկայութիւնը վնաս կը պատճառէ բոլորին. «Այդ պատճառով, երկու կողմերն ալ հարստութիւններ ու ժամանակ կը կորսնցնեն, ու կը ստեղծուի լարուածութիւն, կը կասեցուի զարգացումը: Մենք քանիցս յայտարարած ենք ու այժմ կը վերահաստատենք, որ Իրան պատրաստ է օգնելու հակամարտութեան լուծման», ըսաւ Իրանի նախագահը:
Երկօրեայ այցով Ատրպէյճան գտնուող Ահմատինեժատ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպում մը ունեցած է: Ըստ Ալիեւի մամլոյ սպասարկութեան, «Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուած են երկկողմանի յարաբերութեանց եւ միջազգային հարցերու շուրջ»:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, թէ երկու նախագահները վստահութիւն յայտնած են, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները այսուհետեւ աւելի եւս պիտի զարգանան:
Հանդիպումէն ետք, յուշագիր մը ստորագրուեցաւ ուժանիւթի եւ փոխադրական բնագաւառներուն մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու մասին: