ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

«Մեծ երկիր տանող ճանապարհը գալիս է փոքրիկ Հայաստանի հզօրացումով։ …Պէտք է կարողանանք հզօրացնել մեր երկիրը։ Իսկ պատմական հայրենիքը ոչ միայն տարածք է, այլեւ հոգեւոր սնունդ։ Եւ ազգի ամբողջական, ներդաշնակ կեանքը ապահովելու համար, անպայման պէտք է վերագտնենք մեր հայրենիքը»։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան քսանամեակը։ Այդ ծիրին մէջ, շաբաթ մը առաջ, տեղի ունեցան յոբելինական տարին եզրափակող ժողովրդային ելոյթներ ու հանդիսութիւններ։
Խորհրդային ժամանակներու ոճն ու ոգին յիշեցնող՝ պետական տօնակատարութեանց փայլուն շուքով յատկանշուեցան ՀՀԿի քսանամեակին նուիրուած ձեռնարկները.– մարզական մրցաշարքեր, երիտասարդական երթ ու հաւաք Գարեգին Նժդեհի հրապարակին վրայ, մարզերու մէջ մշակութային փառատօններ եւայլն։
Այդ բոլորը եւ պետական քարոզչամիջոցներու կողմէ ՀՀԿին շռայլուած լոյսն ու փայլքը թերեւս կարելի էր անտարբերութեամբ դիտել, պարզապէս մեր երկրի իշխանաւոր կուսակցութեան յարգանքի տուրք տալու սովորական քայլ մը նկատել ու յաբելինական տարուան էջը փակել։
Բայց ՀՀԿի քսանամեակին առիթով հանրային կարծիքին հրամցուեցան նաեւ, կուսակցութեան կազմակերպական ուժեղացումին եւ ազգային-քաղաքական ուղեգիծին վերաբերեալ, ինքնամեծարանքի այնպիսի՛ գովազդային հրապարակումներ, որոնց վրայէն այնքան ալ կարելի չէ անտարբեր ու լուռ անցնիլ։
Խօսքը կը վերաբերի, առաջին հերթին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան անդամներու թուաքանակին եւ կառուցային ճիւղաւորումին վերաբերեալ հրապարակուած յոբելինական թիւերուն։
ՀՀԿի փոխնախագահ եւ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեանի համաձայն՝ «Ներկայումս կուսակցութիւնն առաւել քան երբեւէ կուռ է եւ համախմբուած, ունի 120-125 հազար անդամ, 1800 սկզբնական եւ մշտական գործող 70 տարածքային կազմակերպութիւն՝ իրենց գրասենեակներով, իրենց խնդիրներով եւ առաջնորդւում է «ընտրութիւններն աւարտուեցին՝ պատրաստուիր յաջորդ ընտրութիւններին» սկզբունքով» («Հայոց Աշխարհ», 3 Ապրիլ 2010)։
Իսկ շաբաթ մը առաջ կայացած ՀՀԿի «Երիտասարդական երթ»ին առիթով՝ Հայաստանի հեռուստատեսութեան առաջին ալիքը կարեւորութեամբ եւ մէկէ աւելի անգամներ կրկնելով հաղորդեց, թէ «Հանրապետական»ը աւելի քան 35 հազար երիտասարդ կը հաշուէ այսօր։
Տրուած թիւերուն ճշգրտութիւնը հարց չէ այնքան, որքան կուսակցութեան մը անդամներուն թիւին այդպէս արագընթաց ուռճացումը։ Բնական է, որ ՀՀԿի ժողովրդականութիւնը շարունակական աճի մէջ ըլլայ, որովհետեւ ահա աւելի քան տասը տարիէ ի վեր ան կը հանդիսանայ իշխանութեան ղեկը ստանձնած գլխաւոր կուսակցութիւնը։
Այդպէ՛ս է, որովհետեւ պետական իշխանութեան ղեկին տիրացած կուսակցութիւն մը, ամէնուրեք եւ մանաւանդ Հայաստանի օրինակով նոր վերանկախացեալ երկրի մը մէջ, քաղաքականօրէն լայն ժողովրդականութեան կ՛արժանանայ եւ իր շուրջ կը բոլորէ պետական լծակներուն մերձենալու բնական մղումը ունեցող բազմութիւնները։
Բայց ընդհանուր եւ օրինաչափ այդ երեւոյթը կը վերաբերի, որոշապէս, կայացած կուսակցութեան մը իշխանութեան գլուխ գալուն… Եւ խօսքը կը վերաբերի իշխանաւոր կուսակցութեան շուրջ բոլորուելու փութացող համակիր զանգուածի ուռճացումին, այլ ոչ թէ անոր անդամ կուսակցականներու թուաքանակին այդպէս՝ հսկայական ոստումին։
Իսկ Հայաստանի եւ հայ իրականութեան պարագային, պատահածը ոչ թէ համակիր հետեւորդներու թուաքանակին բնական աճն է, այլ տակաւին կայացման փուլի մէջ գտնուող «Հանրապետական»ի անբնական ուռճացումն է թէ՛ իր կուսակցականներու թուաքանակով, թէ՛ կազմակերպական իր կառոյցին այդպէս՝ մէկ օրէն միւսը հանրապետութեան ողջ տարածքին ճիւղաւորուելու առումով։
Մանաւանդ որ քսանամեայ իր կեանքի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը շարունակ դիմագրաւեց ինքնութեան եւ պատկանելութեան մեծ խնդիրը, որովհետեւ երկու հանգրուաններւվ՝ 1998ին եւ 2005ին, առաջին անգամ ողբացեալ Վազգէն Սարգսեանին, իսկ երկրորդ անգամ այժմու նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնուելով ու յանձնելով իր բուն ղեկը, քաղաքական ու կազմակերպական հիմնական վերափոխումներէ անցաւ։
Անշուշտ որ կուսակցութեան հիմնադիր եւ հաւատաւոր Անկախական Աշոտ Նաւասարդեանն ու ՀՀԿի ակունքներէն եկած Անդրանիկ Մարգարեանը իրենց շունչն ու դրոշմը դրած են «Հանրապետական» կուսակցականներու մնայուն կորիզին վրայ։ Բայց նոյն այդ «Հանրապետականներու» կորիզը այսօր շրջապատուած է իշխանութեան մերձաւորներու եւ ձեռնասուններու այնպիսի մեծաթիւ «բանակ»ով, որ ՀՀԿի քաղաքական ու գաղափարական պատգամը արդէն կորսնցուցած է ինքնահաւատարմութեան իր հիմքը եւ մատնուած է իշխանութեան ճօճանակին հետ անվերջ ճօճուելու աննախանձելի ճակատագրին։
ՀՀԿի անդամ կուսակցականներուն քանակական գերաճը եւ կազմակերպական կառոյցին հանրապետութեան ողջ տարածքը հակակշռելու ուռճացումը, «Հանրապետական»ի քսանամեայ կեանքը յատկորոշող վերափոխումներու լոյսին տակ, անկասկած մտահոգութեան տեղիք կու տան։ Մտահոգիչ են՝ ոչ միայն նոյնինքն ինքնահաւատարիմ «հանրապետականներուն» հաշւոյն, այլեւ վերանկախացեալ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդումին ու հասունացումին եւ, այդ ճամբով, քաղաքական կուսակցութիւններու լիարժէք կայացումին դիտանկիւնէն։
Կայ եւ աւելի՛ն. ազգային–քաղաքական եւ գաղափարական ուղեգծի առումով՝ յատկապէս Հայ Դատի պայքարի ճակատին վրայ, Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութիւնը արդէն սուր կերպով կը դիմագրաւէ 1960ականներու «Անկախական շարժման» աւանդներուն լիարժէք հաւատարիմ մնալու դժուարութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ եւ ՀՀԿի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնած ֆութպոլային դիւանագիտութիւնն ու Հայաստանի կողմէ հայեւթուրք տխրահռչակ Արձանագրութեանց ստորագրումը ծանրագոյն ինքնալքումի պատասխանատուութեան առջեւ դրած են «Հանրապետական»ը։
Պատահական չէ, որ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, ամէն անգամ որ դէմ յանդիման կը կանգնին հանրային կարծիքի հարցապնդումներուն, «Հանրապետական» պատասխանատուները դժուարութիւն կ՛ունենան տէր կանգնելու Աշոտ Նաւասարդեանի եւ Անդրանիկ Մարգարեանի ազգային–քաղաքական ու գաղափարական պարզ ու մեկին ընտրանքներուն՝ Հայ Դատի պահանջատիրութեան ի խնդիր հաստատակամութիւն դրսեւորելու իմաստով։
Կը ստիպուին չքմեղանքներ փնտռելու՝ պետական «իրատեսութեան» եւ «պատասխանատուութեան» անունով արդարանալու համար, թէ ինչո՛ւ «պատմական հայրենիքը վերադարձնելու խնդիր կուսակցութիւնն իր առջեւ այս պահին չի դնում»։
Հակառակ անոր, որ քաջածանօթ են Անդրանիկ Մարգարեանի այն մտածումին, թէ «Մեծ երկիր տանող ճանապարհը գալիս է փոքրիկ Հայաստանի հզօրացումով»։ …Պէտք է կարողանանք հզօրացնել մեր երկիրը։ Իսկ պատմական հայրենիքը ոչ միայն տարածք է, այլեւ հոգեւոր սնունդ։ Եւ ազգի ամբողջական, ներդաշնակ կեանքը ապահովելու համար անպայման պէտք է վերագտնենք մեր հայրենիքը («Հայոց Աշխարհ», 3 Ապրիլ 2010)։
Կուսակցութիւնը այսօրուան տիպի «պալատական կազմակերպութեան» վերածելով եւ խորհրդային Կոմկուսի օրինակով քանակական ուռճացումի տանելով՝ «Հանրապետական»ը դժուար թէ կարենայ դրականօրէն արձագանգել «անպայման պէտք է վերագտնենք մեր հայրենիքը» պատգամին։