ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Իտալացի լուսանկարիչ-լրագրող Ֆրանչեսքօ Ալեսի լուսանկարչական նիւթ մը կը պատրաստէ արցախահայութեան կենսակերպին մասին: Վերջերս իտալական Ֆերմօ քաղաքին մէջ, ան արժանացած է «Capodarco» փառատօնի «Լաւագոյն կարճամեթրաժ վաւերագրական շարժապատկեր» անուանակարգի մրցանակին՝ իր «Compania d’Africa» գործով:
«Երեք ամիս առաջ ես ոչինչ գիտէի Ղարաբաղի մասին, քանի որ Իտալիոյ մէջ ընդհանրապէս չեմ լսած այս երկրին ու ժողովուրդին մասին: Բայց այս մէկ ամսուան ընթացքին, երբ Արցախ կ՛ապրիմ, իմացայ շատ բաներ, զորս կ՛ուզեմ ցոյց տալ իմ «Տէ ֆաքթօ» կոչուող լուսանկարչական նիւթով: Պիտի ներկայացնեմ, թէ ինչպէս «տէ իւրէ» չճանչցուած երկրին մէջ մարդիկ կ՛ապրին ու կ՛աշխատին, եւ այստեղ կեանքը ոչինչով տարբեր է մնացեալ երկիրներէն», ըսած է Ֆ. Ալեսի՝ տեղեկացնելով, որ ան մտադիր է ամրան կրկին այցելել Ղարաբաղ՝ վաւերագրական երկու ֆիլմեր նկարելու համար՝ արեւածաղիկ վաճառողներու եւ պատերազմի ժամանակ երկու ոտքերը կորսնցուցած Նարեկին մասին: