ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անսակարկ նուիրում, անսակարկ զոհաբերութիւն, ասոնք այնպիսի յատկանիշներ են, որոնց տէր դառնալու փառասիրութիւնը կը յայտարարենք, երբ կը դառնանք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նման ազգային կուսակցութեան մը անդամ: Մեզմէ շատեր, սակայն, կեանքի հազար ու մէկ պարտադրանքներու ճնշումին տակ, ամէն օր ներքնապէս, մենք մեզի հետ կամ մեր շրջապատին հետ սակարկութիւններու մէջ կը մտնենք՝ չափաւորելու, սահմանափակելու համար մեր նուիրաբերումի կամ զոհաբերումի աստիճանը, կամ նոյնիսկ բոլորովին խուսափելու մեր խոստացած ամբողջական յանձնառութեան ոգիով գործելէ:
Եթէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն մեծամասնութիւնը կազմուած ըլլար այս սակարկողներէն, դժուար թէ այս կուսակցութիւնը կարենար դիմանալ 120 տարի, եւ այդ ընթացքին կարենար կերտել այնպիսի խիզախումներով լի պատմութիւն, որ գրուած է հազարաւոր նուիրեալներու արիւնով, անսակարկ զոհաբերութեան ոգիով կատարուած աշխատանքով ու պայքարով:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, կուսակցութիւնը, իր ծրագիրները մշակելու ժամանակ հաշուի կ՛առնէ իրական կեանքի պարտադրանքներէն մղուած իր շարքերուն մէկ մասին «սակարկելու» տրամադրութիւնը, որուն վրայ, սակայն, կը գումարէ անգումարելին՝ նուիրեալներուն բերելիքը, որ բոլոր ծրագիրներու յաջողութեան ամէնէն հիմնաւոր գրաւականը կը դառնայ:
Այս պատկերին մէջ ո՞ւր է իմ տեղս: Այս հարցումը վստահ եմ կը տագնապեցնէ մեզմէ շատերը: Ամէն անգամ, որ սակարկելու տրամադրութեան ենթարկուինք, արդարացում մը պէտք է գտնենք, որ մեղմացնէ մեր յանցաւորի, պարտազանցի զգացողութիւնը: Եթէ չունինք այդ զգացողութիւնը, անիմաստ կ՛ըլլայ արդէն մնալ Դաշնակցութեան մէջ, որովհետեւ այդ զգացողութիւնն է, որ կրնայ օր մը ձերբազատել մեզ սակարկելու փորձութենէն: