
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ճան Քերի Անգարայի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է, թէ այս տարի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը աւելի մեծ աջակցութիւն պիտի գտնէ։ «Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի առնչութեամբ այս տարի Թուրքիոյ գործը աւելի դժուար պիտի ըլլայ։ Չեմ կրնար գիտնալ, թէ ինչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան, սակայն Ցեղասպանութեան բանաձեւը այս տարի շատ աւելի աջակիցներ պիտի ունենայ», յայտարարած է Քերի։
Ամերիկայի նախագահական նախկին թեկնածուն խօսեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի նոր դեսպանի նշանակման հարցի մասին ու նշեց, որ կարգ մը ծերակուտականներ մտահոգութիւններ ունին դեսպանի թեկնածուի առնչութեամբ։ «Պիտի փորձեմ կրկին խօսիլ այդ ծերակուտականներուն հետ, բայց եթէ մտահոգութիւնները չփարատին, անձամբ պիտի երթամ նախագահին մօտ եւ պիտի առաջարկեմ, որ դեսպանի նոր թեկնածու մը առաջադրէ», ըսաւ Քերի։
Ան նաեւ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ։ Երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին, երկկողմանի յարաբերութիւններու կողքին, քննուեցան նաեւ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջացած լարուածութիւնը, Իրանի հիւլէական թղթածրարը, ՆԱԹՕի հակահրթիռային տարրերու տեղակայման հարցը, Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը եւ այլ հարցեր։
«Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ միշտ ալ կարեւոր դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ունեցած է այնպիսի հարցերու մէջ, ինչպիսիք են՝ Սուրիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները, Լիբանանը, Իրանը։ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարեւոր են բոլորիս համար։ Այդ պատճառով ոչ թէ անցեալին, այլ ապագային պէտք է նայիլ», յայտարարած է ամերիկացի ծերակուտականը։
Նկարին մեջ- Ահաւասիկ, Սաստող ծերակուտականը, տատամսած վարչապետը ու Ձեղասպաննութեան խաղաքարտը…