ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատան մէջ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 8ին, տեղի պիտի ունենայ Կարէն Ղարսլեանի «Գրողի Ծոցը՝ Երեսուն ու ութ տձեւ հայրէն» նոր հրատարակուած գիրքի ներկայացումը: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ 2001-2010 տարիներուն գրուած հայրէններ:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Միրնա Տուզճեանը, որ համեմատական գրականութեան դոկտորի թեկնածու է UCLA-ի մէջ:
«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale, CA: Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 243-4112 թիւին, իսկ գիրքէն օրինակ մը ապսպրելու համար, այցելել www.abrilbooks.com/books/11800.html կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.