ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կառավարութեան 2010 Օգոստոս 19ի որոշումին համաձայն, քաղաքապետարանի կառավարմանը յանձնուած «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանին մէջ ներկայիս կ՛ընթանան վերականգնողական աշխատանքներ: Հոկտեմբեր 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, այդ մասին յայտնած է նոյն թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեանը:
Անոր հաւաստումով, վերականգնողական աշխատանքեր իրականացնելու համար, մշակոյթի նախարարութիւնը տրամադրած է 15 միլիոն դրամ, սակայն, «Էրեբունի» թանգարանը 1968ի վիճակին բերելու համար, անհրաժեշտ է 350-400 միլիոն դրամ:
Գիւրջեան նաեւ նշած է, որ արգելոց-թանագարանին մէջ ընթացող աշխատանքները կը տարբերին այլ շինարարական աշխատանքներէ. «Այն բաւականին իւրայատուկ «շինթեխնիքա» ունի: Սա քարի շինարարութիւն չի. սա հում աղիւսի եւ քարի կառոյցներ են, որոնք բաւականին փխրուն են եւ դրանց պահպանութիւնը մեծ ջանքեր է պահանջում: Անհրաժեշտ է մասնագիտական լուրջ վերահսկողութիւն», ըսած է ան:
Արգելոց-թանգարանի տնօրէնը նշած է նաեւ, որ կը նախատեսուի թանգարանին շրջակայքը կառուցել 1.2 քլմ. պարագիծով ցանկապատ մը, աւելցնելով, որ վերականգման եւ վերանորոգման կարիք ունին նաեւ թանգարանի որմնանկարները: