
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ թատերագրութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» երկտարեկան մրցանակին տիրացած է լոնտոնաբնակ Սիլվա Սեմերճեան՝ «Ուրիշին Զաւակը» կոչուած գործին համար: Մրցանակակիրը ստացաւ նաեւ 10,000 տոլար նուէր մը: Անոր պատմութեան դէպքերը տեղի կ՛ունենան 1958ին, Պէյրութի մէջ. գործը կը զննէ Հայկական Ցեղասպանութեան ոչ բացայայտ հետեւանքները՝ հայ ընտանիքի մը պատմութեան ընդմէջէն:
Դատակազմին անդամներն էին՝ Ռէյվընհիլ, Օսքար Եուսթիս, Քըրթ Քոլոմպըս:
Մարթի Բաբազեանի բեմադրութեամբ, մրցանակաբաշխութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ գործէն մէկ տեսարանի մը ներկայացումը:
Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան հիմնարկին կողմէ 2007ին հաստատուած մրցանակին տնօրինումը յանձնուած է Հայկական թատերական արուեստներու միութեան, որուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armeniandrama.org համացանցային կայքը: