
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Անատոլու».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին, Ուաշինկթընի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Թուրք-ամերիկեան խորհուրդին կազմակերպած ամէնամեայ խորհրդաժողովը, որ ամիսներ առաջ յետաձգուած էր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւին պատճառով։ Խորհրդաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 20:
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց 29րդ խորհրդաժողովին, Թուրքիայէն կը մասնակցին պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Ալի Պապաճան, պաշտպանութեան նախարար Վեճտի Կէօնիւլ, արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու եւ ուրիշներ։
Միացեալ Նահանգները կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցը, Պարաք Օպամայի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական ՃԷյմզ Ճոնզը, արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆիլիփ Կորտընը, «Էքսիմպանք»ի նախագահ Ֆրետ Հոչպըրկը եւ ուժանիւթի հարցերով փոխնախարար Տան Փոնեմանը։
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները խորհրդանշող ամենակարեւոր կառոյցներէն մէկը հանդիսացող Թուրք-ամերիկեան խորհուրդի ամէնամեայ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ 29 տարիէ ի վեր։ Այդ խորհրդաժողովին սովորաբար մասնակցած են Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ վարչապետներ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարներ։
Այս տարուան խորհրդաժողովին կայացումը կը նախատեսուէր 11-14 Ապ-րիլին, եւ անոր պիտի մասնակցէր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը։