
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 4 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ քոնկրեսական Ռապըրթ Էնտրուզ կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային, որ Հայաստանի հետ գոյացնէ Առեւտուրի եւ ներդրումի համաձայնագիրի նախագիծ մը (TIFA), որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զարկ տալ Ամերիկա-Հայաստան առեւտուրին:
Քոնկրեսականը յայտարարած է, թէ նման համաձայնութիւն մը շահաբեր պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն համար եւ պիտի նպաստէ Հայաստանի ժողովուրդին ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ զօրաւոր կապեր հաստատելու նպատակին:
Էնտրուզ, որ Ներկայացուցիչներու տան Ամավարկի եւ Ռազմական սպասարկութեանց յանձնախումբերուն մէջ բարձրաստիճան անդամ մըն է, այս նպատակով նամակ մը գրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան առեւտրական հարցերու ներկայացուցիչ Ռան Քըրքին, անբաւարար նկատելով երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրի ներկայ մակարդակը:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, թէ նման համաձայնագիրներով կեանքի պիտի կոչուին 2008ի ընտրութեանց քարոզարշաւի ընթացքին նախագահին հնչեցուցած խոստումները՝ առեւտրական յարաբերութիւններու ընդարձակումով եւ օժանդակութեանց միջոցով Հայաստանի աճին եւ զարգացման նպաստելու կապակցութեամբ: Օպամա նաեւ խոստացած էր ամրապնդել երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական, քաղաքական, ռազմական եւ մշակութային յարաբերութիւնները։
Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբին համա-ատենապետ Ճէյմզ Սահակեան ամերիկահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսական Էնտրուզին: