
ԱՇՏԱՐԱԿ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Սեպտեմբեր 29ին Արագածոտնի մարզի կեդրոն Աշտարակ քաղաքին մէջ իրականացուց հանրահաւաք մը, որ ուղղուած էր յատկապէս հասարակական անարդարութիւններու եւ քաղաքացիի շահերու անտեսման դէմ։ Հանրահաւաքին կը մասնակցէին այնպիսի անձինք, որոնք դուրս դրուած էին իրենց աշխատանքէն՝ կուսակցական պատկանելիութեան պատճառով։
Հանրահաւաքին ընթացքին ՀՅԴ ազդարարեց, որ կուսակցութիւնը գլխաւոր քաղաքական խնդիր հռչակած է նոր իշխանութիւններու ձեւաւորումը:
«Իշխանափոխութեան հասունացման, նոր իշխանութիւնների ձեւաւորման գործընթացը պէտք է սկսենք մարզերից, որ ամէն մի քաղաքացի ընկալի, հասկանայ Դաշնակցութեան ծրագրերի էութիւնը», իր ելոյթին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան՝ հաւաստիացնելով, որ Աշտարակի մէջ կայացած հանրահաւաքէն ետք նոյնատիպ հաւաքներ պիտի կազմակերպուին նաեւ «մարզ առ մարզ»:
Ան յայտնեց, թէ երկրի բնակիչներուն համար պէտք է ստեղծուի բարօր միջավայր մը, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ինքզինք պէտք է զգայ իր պետութեան մէջ: «Դրա լուծման համար Դաշնակցութիւնը քաղաքական խնդիր է դիտարկել նոր իշխանութիւնների ձեւաւորումը: Նոր իշխանութիւնները, որոնք կը գան եւ յստակ լուծում կ՛առաջարկեն, որտեղ ոչ թէ անձը անձով կը փոխարինուի, այլ կը ստեղծեն երկրի զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններ: Այդ նոր իշխանութիւնների ձեւաւորման գործընթացը պէտք է սկսել մարզերից, որտեղ իւրաքանչիւր քաղաքացի կ՛աջակցի իշխանութեանը եւ կը ձեւաւորի ազգային նոր իշխանութիւն: Այդ իշխանութիւնը երկիրը չի բաժանի երկու հաւասար մասի, որտեղ պետութեան միջոցներով ապրում են հարստահարող զգալի մաս, եւ մի զանգուած, որը չունի պետութեան հոգատարութիւն եւ բռնում է արտագաղթի ճանապարհը: Որքան էլ դժուար լինի, պէտք է մնալ հայրենիքում եւ պայքարել: Եկէք համախմբուենք՝ մեր խնդիրները հայրենիքում լուծելու համար», իր խօսքը շարունակեց Արմէն Ռուստամեան։
Հանրահաւաքի ընթացքին Դաշնակցութեան ղեկավարներուն եւ տեղի դաշնակցականներուն քննադատութեան թիրախը եղաւ Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանը, որ անդամ է Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ):
«Եկել է մարզում նոր ղեկավար, եւ որոշել է, որ քաղաքական այլ հայեացքներ դաւանող մարդիկ չպէտք է աշխատեն իր մարզի հաստատութիւններում: Նա խախտում է օրէնքը, եւ ուրեմն, մենք պէտք է ամէ՛ն ինչ անենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը հեռացնի նրան գործից: Դրա համար ենք հաւաքուել, եւ դա մենք կ՛անենք», իր կարգին նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը, եւ շարունակեց ըսելով. «Օրէնքը ՀՀում բոլորի համար հաւասար չէ: Պէտք է ամէն ինչ անել, որպէսզի իշխանութիւններն աշխատանքից ազատեն բոլոր նրանց, ովքեր անօրինաբար հեռացրել են աշխատակիցներին, քանի որ նրանք այս կամ այն քաղաքական հայեացքներն ունեն: Մինչեւ մէր երկրում արդարութիւն չհաստատուի եւ օրէնքը բոլորի համար հաւասար չլինի, խնդիրները չե՛ն լուծուի»։
Այնուհետեւ, իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ ներկայացուցիչ Արծուիկ Մինասեանը, որ անդրադառնալով երկրին մէջ տիրող հասարակական վիճակին՝ ըսաւ, թէ երկրին ութսուն տոկոսը աղքատութեան մէջ կ՛ապրի, իսկ քսան տոկոսը՝ շռայլութեան մէջ։ «Ժամանակն է համախմբուել եւ մեր երկրում պահանջել եւ հաստատել արդարութիւն, որը հնարաւոր է օրէնքի իշխանութեան դէպքում: Պէտք է թոյլ չտանք քաղաքացու հետ վարուել ինչպէս պատահի, իսկ նման դէպքեր գիտենք եւ դեռ կը լսենք, եթէ երկրում չհաստատենք ժողովրդի իշխանութիւն, հա՛յ մարդու իշխանութիւն», ըսաւ ան:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները, իրենց ելոյթներուն ընթացքին անհեթեթ համարեցին Աշտարակի քաղաքապետարանին կողմէ իրենց հանրահաւաքին մերժումը, զոր տեղի իշխանութիւնները պատճառաբանած էին ըսելով, որ «Աշտարակեցիի հրապարակը բանուկ խաչմերուկ է»։
Հանրահաւաքի կազմակերպիչները չանտեսեցին նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ առկայ բացթողումները, գիւղացիներուն տրուող վարկի աննախադէմ չափերը, գիւղացիի հոգերուն անտեսումը եւ արտագաղթի ալիքը չկանխելու իրողութիւնը:
Հանրահաւաքի աւարտին, Դաշնակցութեան մարզային կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարէն Շահազիզեան, որ հանրահաւաքը վարողն էր, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին պարզաբանեց, թէ երբ 2009ին մարզպետի պաշտօնը ստանձնեց Սարգիս Սահակեանը, շուրջ 3 տասնեակ դաշնակցականներ՝ մարզպետարանի աշխատակիցներ, դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, դուրս դրուեցան իրենց աշխատանքէն։
«Ոչ մի Հանրապետական կամ քոալիցիայի անդամ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչ չի ազատուել աշխատանքից: Բնականաբար, տրամաբանութիւնը յուշում է, որ նրանք (Դաշնակցութեան անդամները) միայն այդ հողի վրայ են ազատուել», նշեց Շահազիզեան, որ 12 տարի վարած է մարզպետարանի հասարակական բաժնի պետի պաշտօնը, եւ որ նոր մարզպետին օրով, առաջարկ ստացած է աշխատանքէն հրաժարելու դիմում գրելու մասին, սակայն չհամաձայնելով՝ զինք ազատած են աշխատանքէն։