ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ ցանց կազմակերպութիւնը (The Armenian American Network) կազմակերպած է Նաթալի Սարգիսեանի անուան հիմնադրամին ի նպաստ ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14ին, երկոյեան ժամը 6էն 10, Հոլիվուտի «La Vida Restaurant & Lounge» ճաշարանին մէջ:
Ձեռնարկին հանդիսավարն է Արշալոյս Դարբինեան եւ գլխաւոր հովանաւորողներն են՝ Լաշ Ուէվ Տէվ, Լուսին Ղարիպեան եւ «ItsMyUrls.com» համացանցային կայքը:
Տեղեր ապահովելու, օժանդակելու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.taan.weebly.com համացանցային կայքը: