Փասատինայի մէջ 27 տարիներէ ի վեր գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը, որ անցեալ տարի «WASC»ի կողմէ արժանացաւ երեք տարուան վարկաւորման ժամանակաշրջանի երկարաձգման, Սեպտեմբեր 7ին, իր աշակերտութեան դիմաց բացաւ իր դռները։ Աշակերտներ՝ նոր ու հին, խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ ողջագուրուելով իրարու հետ, իրենց արձակուրդի յիշատակները կը փոխանցէին իրարու, ծնողներ՝ ուրախ էին որ կրթական նոր տարեշրջանի մը սեմին իրենց զաւակներուն կրթութիւնը կը յանձնեն հայկական վարժարանի մը, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ՝ սրտաբաց ժպիտով կը դիմաւորէին իրենց աշակերտները, իսկ հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անդամները՝ գոհունակ էին, որ կրթական հաստատութիւնը ամրան երկու ամսուան դադարէ մը ետք, իր դաստիարակելու առաքելութիւնը պիտի շարունակէ։
«Յովսէփեան»ի մեծ ընտանիքին անդամները «Գալուստեան-Տունայեանց» սրահէն ներս համախմբուած՝ հետեւեցան 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանի բացման յայտագիրին։ Տնօրէն Շահէ Մանկրեան բացումը կատարեց՝ բարի գալստեան խօսքեր ըսելով նոր եւ հին աշակերտներուն ու իրենց ծնողներուն, ու ապա ներկայացուց ուսուցչական կազմի նոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Ապա եկեղեցւոյս հովիւը՝ տէր Սարգիս քհնյ. Փեթոյեան, ողջունեց ներկաները, օրհնեց աշակերտները եւ հրաւիրեց զիրենք միասնաբար աղօթելու Տէրունական աղօթքը, եւ մաղթեց, որ ամենակարող Աստուծոյ շնորհքով ու կամքով կարելի ըլլայ յաջողութիւններով լեցուն տարեշրջան մը ամբողջացնել։
Հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութիւն Հիլալեան, իր կարգին խօսք առնելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակներուն դաստիարակութիւնը վստահած են մեր վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, վստահեցնելով թէ՛ աշակերտներուն ու թէ՛ ծնողներուն, որ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դրուի՝ բարձր մակարդակի ուսում ջամբելու համար վարժարանէն ներս։ Ան նաեւ գնահատեց հայկական վարժարանին հանդէպ ծնողներուն ցուցաբերած յարգանքն ու հաւատքը, որ կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է հայապահպանման սուրբ աշխատանքին։
Յաջող ուսումնական տարի մը կը մաղթենք մեր սիրելի աշակերտներուն։
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)