Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը կազմակերպած է հայերէն լեզուի եւ քրիստոնէականի ուսուցման դասընթացքները , որոնք տեղի պիտի ունենան Շաբաթ , Սեպտեմբեր 18էն սկսեալ։ Դասընթացքները տեղի պիտի ունենան ամէն շաբաթ օր, ժամը 9-12։ Ծնողքներ կրնան իրենց 4-14 տարեկան զաւակները արձանագրել, դիմելով եկեղեցւոյ քարտուղարութեան կամ հայր Արմենակ Պետրոսեանին։ Տարեկան նուիրատուութիւնն է $150։
Ժողովրդապետութեան տարեկան դաշտահանդէսը (picnic) տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 26ին, ժամը 10-6 Frank G. Bonelli Regional Park «Lakeside Umbrellas» Picnic Area, San Dimas, CA 91773։ Մուտքի նուիրատուութիւն՝ 20 տոլար, ճաշը եւ խմիչքը ներառեալ։ Տոմսերու համար դիմել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան։
Եկեղեցւոյս հանդիսաւոր առաջին Ս. Հաղորդութեան դասընթացքները պիտի սկսին Շաբաթ, Հոկտեմբեր 23ին, ժամը 10-11:30, այնուհետեւ կը շարունակուին ամէն շաբաթ օրերը։ 2011 Մայիս 1ին տեղի պիտի ունենայ առաջին Ս. Հաղորդութեան արարողութիւնը։
Արձանագրութեան համար, պատանին պէտք է առնուազն 8 տարեկան ըլլայ։ Նախատեսուած է 250 տոլարի նուիրատուութիւն մը, հոգալու համար բոլոր ծախսերը, ներառեալ տարազը, նկարահանումը եւ հիւրասիրութիւնը։ Մանրամասնութիւններու եւ արձանագրուելու համար դիմել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.