ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 48րդ լսարանը՝ ներկայութեամբ լսարանի մնայուն բարեկամներուն, մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ երիտասարդներու։ Լսարանին նիւթն էր «Քաղաքական նորագոյն իրադարձութիւնները եւ հայաստանեան մամուլի լուսաբանման խնդիրները». նիւթը ներկայացուց հայրենի «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան։
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց «Ազդակ»ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ Աւետիքեան ծնած է Լիբանան, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ուսած է բանասիրութիւն, ապա վերադառնալով Պէյրութ՝ 1981-1990 ստանձնած է «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնը։ Յակոբեան աւելցուց, որ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի մթնոլորտին մէջ Աւետիքեան կը հաստատուի հայրենիք, ուր 1991ին կը հիմնէ «Ազգ» թերթը։
Ապա խօսք առաւ Յակոբ Աւետիքեան, որ զեկուցեց հայրենի մամուլի չորս տեսակներուն՝ պատկերասփիւռին, ձայնասփիւռին, տպագիր մամուլին եւ համացանցին մասին։ Ան յայտնեց, որ հայրենի պատկերասփիւռի մեծամասնութիւնը կը գտնուի իշխանութիւններուն ազդեցութեան տակ։ Ան ըսաւ, թէ հայրենի մամուլը հանրութեան պահանջը կը կատարէ, որուն պատճառով կը դադրի դաստիարակչական բնոյթ ունենալէ։
Աւետիքեան աւելցուց, որ Հայաստանի ձայնասփիւռի կայանները ամէնէն տկար վիճակը ունին, եւ այդ մարզին մէջ որակային առումով յստակ հարցեր կան։ Ան ըսաւ, թէ Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնեն 12 թերթեր, որոնց տպաքանակը շուրջ 35,000 է, ինչ որ շատ փոքր է։ Յակոբ Աւետիքեան նշեց, որ մամուլը պէտք չէ ըլլայ իշխանամէտ, ոչ ալ ընդդիմադիր, այլ՝ հարցերը առարկայական քննութեան առարկայ դարձնող միջոց։ Խօսելով հայրենի ընդդիմադիր մամուլին մասին՝ Աւետիքեան ըսաւ, որ այդտեղ սանձարձակութիւնն ու խծբծանքը տիրապետող են ու քննարկումները խորքային չեն։
Սփիւռքի նկատմամբ հայրենի մամուլին մօտեցումին անդրադառնալով՝ զեկուցաբերը նշեց, որ լրատուամիջոցները չեն առնչուած սփիւռքեան իրականութեան հետ եւ իրենց համար Սփիւռքը ինքնաբաւ եւ բարեկեցիկ համայնքներ են։
Զեկուցումէն ետք ներկաները հարցումներով ու տեսակէտներով հարցին շուրջ զեկուցաբերէն ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ արտայայտեցին իրենց կեցուածքներն ու մտահոգութիւնները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.