ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 14ին, Իրանի իշխանութիւնները 500,000 տոլար փրկագինով ազատ արձակեցին աւելի քան տարի մը առաջ, Իրաք-Իրան սահմանէն ապօրինի կերպով անցնելու ընթացքին ձերբակալուած երեք ամերիկացիներէն մէկը, որոնք լրտեսութեամբ կ՛ամբաստանուին: Ազատ արձակուած 32ամեայ Սարա Շարուտի փաստաբանը տեղեկացուց, թէ Շարուտ Թեհրանէն պիտի մեկնի Օման, ուր իրեն կը սպասէ անոր մայրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.