
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող հայագիտական «Նարեկացի» ամպիոնի ղեկավար փրոֆ. Փիթըր Քաուիի մասին լրատուութեան մը մէջ, Գայիանէ Դանիէլեան կը գրէ, թէ Քաուի այն տպաւորութիւնը ունի, որ ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր վերջին տարիներուն հայագիտական նիւթերու նկատմամբ երիտասարդութեան մօտ հետաքրքրութիւնը անկում արձանագրած է, արտասահմանին մէջ հայագիտութեան նկատմամբ երիտասարդներու հետաքրքրութիւնը տարիէ տարի աճ կ՛արձանագրէ:
«Մեծ վերելք կ՛ապրի հայագիտութիւնը եւ մեծապէս կ՛աճի», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Քաուի՝ իբրեւ օրինակ բերելով իր չինացի ուսանողը: «Ան ընտրած է Սայաթ Նովան՝ իբրեւ թեկնածուական աշխատանքի նիւթ: Շատ աշխատասէր, նուիրեալ անձնաւորութիւն մըն է: Շատ ուրախ եմ, որ այդպիսի երիտասարդ կայ: Այդպէս կը թուի, թէ երբ յաջողութեամբ աւարտէ ու Չինաստան վերադառնայ, անոր ամպիոն պիտի բացուի եւ ան կը դառնայ հայագիտութեան կարեւոր հիմք Չինաստանի մէջ»:
Քաուիի համոզումով, հայագիտութեան զարգացման հեռանկար ստեղծուած է նաեւ Սպանիոյ մէջ: «Մինչեւ վերջերս Սպանիան խոպան դաշտն էր: Ես երեք սպանացի ուսանողներու հայերէն դաս տուած եմ Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ: Արդէն մի քանի տարի է, որ անոնք նոյնպէս վերադարձած են իրենց հայրենիքը եւ քանի մը համալսարաններու մէջ կը զբաղին հայագիտութեամբ: Շատ ողջունելի է: Շատ ուրախ եմ», կ՛ըսէ Քաուի:
Այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը հրապուրէ ոչ հայ երիտասարդները, ան կ՛ըսէ. «Հարուստ մշակոյթը, երկար պատմութիւնը, շատ հետաքրքիր նիւթերը՝ քիչ ուսումնասիրուած: Այս բոլորը տեսակ մը մարտահրաւէր են. եթէ կ՛ուզես աւելին իմանալ, ապա ուրեմն լեզուն պէտք է սորվիս, պէտք է հմտանաս այդ մշակոյթին մէջ եւ այլ, եւ այլն: Երիտասարդները կը սիրեն այդպիսի մարտահրաւէրներ եւ զանոնք ընդունելով առաջ կ՛երթան»:
Ուղղակիօրէն զարմանլի է, որ UCLA համալսարանի հայագիտական ամբիոնի վարիչ՝ պրոֆ. Փիթըր Քաուիին հանդէս է եկել նմանատիպ յայտարարութեամբ: Եթէ այդ յայտարարութիւնը կատարուած լինէր սովորական անձի կողմից, չէի զարմանայ, իսկ երբ բուհական մակարդակի պատասխանատու յայտարարում է, թէ արտասահմանում հայագիտութիւնը «մեծ վերելք է ապրում ու մեծապէս աճում է» եւ իր հաստատման համար ներկայացնում է չինացի ու իսպանացի չորս ուսանողների օրինակները, նշելով, թէ նրանք զբաղւում են հայագիտութեամբ,- ապա այդ դէպքում հարցականի տակ է առնւում «մեծ վերելք» ու «մեծապէս աճ ապրել» արտայայտութիւնները, մասնաւորաբար երբ նշւում է նաեւ, թէ «Հայաստանում վերջին տարիներին հայագիտական նիւթերի նկատմամբ երիտասարդութեան մօտ հետաքրքրութիւնը անկում է արձանագրել»: Որո՞նք են այդ անկման հիմնաւորումները: Շատ կը փափագէի, որ պրոֆ. Քաուիին օրինակներ բերելով աւելի մանրամասնութիւններ ներկայացնէր այդ կապակցութեամբ: Ի դէպ, այս տարուայ Ապրիլին, երբ Հայաստանում էի, Երեւանի «Նոյան Տապան» գրախանութում եւ կողքի գրախանութում ուրախութեամբ նկատեցի հայագիտական լեցուն աշխատութիւններ, որոնց հեղինակները հայաստանեան երիտասարդներ էին…: Ինձ համար նաեւ շատ հետաքրքիր է իմանալ, որ UCLA-ի հայագիտական ամբիոնի քանի՞ հայ շրջանաւարտներ նուիրուել են ուսուցչական ապսարէզին եւ իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ իրենց ներդրումն ունեցել՝ ամերիկահայ վարժարաններում: