ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, «Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի» տնօրէն Կարէն Արիստակէսեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, այս ամրան երեք ամիսներուն, Սարդարապատի թանգարանը ունեցած է 8640 այցելու՝ անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 5861ին դիմաց:
«Այցելուների թուի աճը, կարծում եմ, պայմանաւորուած է թանգարանի նոր ցուցադրութիւններով, որոնցմով յատկապէս զբօսաշրջիկներն են շատ հետաքրքրուած», նշած է Կ. Արիստակէսեան՝ աւելցնելով, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով այցելութիւններ եղած են Հունգարիայէն, Սլովաքիայէն, Էսթոնիայէն, Թուրքմէնիստանէն եւ Չեքոսլովաքիայէն:
Այս տարի ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է շուրջ 17 հազար այցելու, իսկ անցեալ տարի՝ շուրջ 22 հազար:
Նշեալ տարուան առաջին ութ ամիսներուն, 31,445 այցելու ունեցած է նաեւ Հայաստանի Մատենադարանը, որուն ցուցասրահի վարիչ Այտա Չարխչեանի համաձայն, այցելուներուն մեծ մասը եղած է Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն եւ Ռուսիայէն: Ա. Չարչխչեանի խօսքով, այցելութիւններ եղած են նաեւ Թայուանէն, Իսրայէլէն ու Հարաւային Քորէայէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.