ՍԻԼ ՊԻՉ, Քալիֆորնիա.- Զոհրապ եւ Սեդա Ղազարեաններու հիմնած «Փարոս» մարդասիրական միութիւնը տարիներէ ի վեր օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանի կարիքաւորներուն՝ անոնց հասցնելով հագուստեղէն, խաղալիքներ, դեղորայք, ծածկոցներ, կօշիկներ եւ այլ ապրանքներ: Անոնք այս տարուան ընթացքին արդէն իսկ երեք առաքումներ կատարած են, եւ ամբողջովին կը հոգան Հայաստանի Պտղունք գիւղի մանկապարտէզի 63 աշակերտներուն սնունդի, հագուստներու եւ այլ պիտոյքներու ծախսերը:
Միութիւնը կը պատրաստուի Յունիս 2011ին իր համալիրը բանալու Հայաստանի մէջ, ուր պիտի ըլլան լքուած մայրերու 10 ապաստանարաններ ու պիտի տրամադրուին բժշկական ու ատամնաբուժական սպասարկութիւններ: Համալիրը կը գտնուի միութեան պահեստանոցին կից:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfuondation.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.