ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան Հայ աւետարանական վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի հոգաբարձական կազմը նոր ատենապետ ընտրած է դոկտ. Վահէ Նալպանտեանը, որ գործարարական մարզին մէջ մասնագիտացած է՝ Շիքակոյի համալսարանէն: Ան դասախօսական կարճ ասպարէզէ մը ետք ստանձնած է մասնագիտական եւ վարչական զանազան պաշտօններ՝ քարիւղի «Էքսոն» ընկերութենէն ներս, մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Դոկտ. Վահէ Նալպանտեան ներկայիս մաս կը կազմէ նաեւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան եւ Պէյրութի «Հայկազեան» համալսարանի հոգաբարձական կազմերուն:
Կատարուած են նաեւ հետեւեալ նշանակումները. փոխատենապետ՝ Հերլըտ Տեմիրճեան, գանձապահ՝ դոկտ. Նազարէթ Տարաքճեան, ատենադպիր՝ Էլօ Սահակեան: Նշանակուած են նաեւ զանազան յանձնախումբերու ատենապետներ. ելեւմուտքի յանձնախումբին՝ դոկտ. Միսակ Ապտուլեան, անձնակազմի հարցերու յանձնախումբի՝ Գօգօ Պալեան, հանրային յարաբերութեանց յանձնախումբի՝ դոկտ. Հերի Պետեւեան, շինարարական յանձնախումբի՝ դոկտ. Հրայր Աթիքեան, ուսումնական յանձնախումբի՝ Զապէլ Բրուտեան, Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչ՝ Ժիւլիէթ Ապտուլեան: Հոգաբարձութեան անդամ է նաեւ Ժիլպեր Մենեշեանը:
Հոգաբարձութիւնը արդէն իսկ գործի անցած է՝ նեցուկ կանգնելու համար տնօրէն Յովսէփ Ինճէճիքեանի գլխաւորութեամբ առաջ տարուող աշխատանքներուն:
Վարժարանը նաեւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ հոգաբարձութեան նախորդ ատենապետ դոկտ. Հրայր Աթիքեանին, որ տարիներով նուիրեալ սպասարկութիւն մատուցած է վարժարանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.