ՓԱՐԻԶ.- Փարիզի «Էտիփոլ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց Հրայր Հրաչեանի «Հայ Մշակոյթի 101 Կարկառուն Դէմքեր» գիրքը։ Հեղինակը Սեւրի «Սամուէլ Մուրատ» վարժարանի նախկին սան է, ինչպէս նաեւ՝ արեւելեան լեզուներու ու վաւերագիրներու մասնագէտ։ Ան երեք տասնամեակ շարունակ աշխատած է Ֆրանսայի տեղեկագիտութեան եւ թեքնիքագիտութեան ազգային հետազօտական կեդրոնին մէջ, եւ զբաղած է վաւերագիրներով ու արխիւներով։ Երկար ժամանակ աշխատակցած է Փարիզի «Աշխարհ» թերթին եւ «Նոր Սերունդ» կազմակերպութեան «Հայաստան» ֆրանսերէն պարբերականին։ Ան Փարիզի արուարձան Շաւիլի եկեղեցւոյ ատենապետն է։
Ֆրանսերէնով լոյս տեսած գիրքին գլխաւոր նպատակն է հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ ֆրանսացիներուն ծանօթացնել այն գործիչները, որոնք աչքառու դեր խաղացած են հայ մշակոյթին մէջ։ «Ինչո՞ւ ճիշդ 101 աչքառու դէմք» հարցումին հեղինակը կը պատասխանէ ըսելով, որ ատիկա ընդունուած թիւ մըն է եւ լաւ կը հնչէ։ Այդ գործիչները ճարտարապետութեան ու քանդակագործութեան, շարժապատկերի, գրականութեան, երաժշտութեան, կրօնքի, եկեղեցւոյ եւ թատրոնի ոլորտներու ներկայացուցիչներ են, որոնց մէջ չկան զինուորականներ ու գիտնականներ։
Գիրքին մէջ ներկայացուած են 4րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակաշրջաններու մշակութային ականաւոր դէմքեր, որոնցմէ իւրաքանչիւրին յատկացուած է 1-3 էջ։ Կան նաեւ ֆրանսերէն եւ հայերէն աղբիւրներու մատենագիտութիւն ու անուանացանկ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.