ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
1980ին տեղի ունեցած եւ բանակին առաջնորդած պետական հարուածէն ճիշդ երեսուն տարի ետք, Թուրքիոյ ժողովուրդը Կիրակի օր, հանրաքուէով մը վաւերացուց բանակին հեղինակած սահմանադրութիւնը մասամբ բարեփոխող առաջարկներու ծրարը, որ մէջտեղ եկած էր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ջանքերով:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Եւրոպական Միութենէն ու մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններէ մասնագէտներ եւ նոյնինքն Թուրքիոյ քաղաքական որոշ շրջանակները կը պնդեն, թէ իսկական ժողովրդավարական սահմանադրութեան համար հարկաւոր է ամբողջովին նոր սահմանադրութիւն մը որդեգրել, Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը ընտրած է բարեկարգման այն ճամբան, որ նախ եւ առաջ կ՛ապահովէ իր իշխանութեան երկարակեցութիւնը:
Սակայն պէտք է ընդունիլ, թէ զինուորական ուժերու իրաւասութիւնները սահմանափակող, զինուորականները քաղաքացիական ատեաններու մէջ հաշուետուութեան կանչելու եւ ժողովուրդին քաղաքացիական իրաւունքները ընդարձակող որեւէ քայլ, ինքնին դրական երեւոյթ մըն է:
Յատկանշական է նաեւ, որ բարեկարգումներէն ամենայատկանշական կէտերէն մէկը կը նկատուի այն, որ կը սահմանափակէ երկրին դատական իշխանութեանց իրաւասութիւնները՝ աւելի դժուար դարձնելով իսլամական արմատներ ունեցող Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը դատական համակարգին միջոցաւ իշխանութենէն հեռացնելու փորձերը: Այսուհետեւ, կառավարութիւնը նաեւ աւելի մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ երկրին դատական բարձրագոյն մարմինները կազմելու աշխատանքին մէջ:
Կը մնայ տեսնել, թէ բարեփոխումները շարունակելու վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի տուած խոստումները որքանով կամ որքան շուտ պիտի իրականանան, որպէսզի պարզապէս փոքրամասնութեանց յաւելեալ իրաւունքներու առաջարկ մը, վարչապետը քննադատող յօդուած մը, կամ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին արտայայտութիւն մը քրէական յանցանք չնկատուի:
Թուրքիան այսօր կարելի է աւելի ազատ եւ աւելի ժողովրդավարական նկատել, սակայն նկատի ունենալով, որ երկիրը իր յառաջխաղացքը կը սկսի բաւական յետամնաց դիրքերէ, ապա ամբողջական ժողովրդավարութեան հաստատումը, ներկայ ընթացքով, կրնայ տասնամեակներ տեւել, մանաւանդ երբ բարեփոխումի դրդապատճառը չի բխիր իսկական ժողովրդավարութիւն հաստատելու մղումէն, այլ կու գայ իշխանութեան վրայ մնալու նեղմիտ հաշիւներէն: