ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ առաջարկող օրինագիծը, որուն շնորհիւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի Հայաստանի մէջ օտարալեզու դպրոցներ բանալու, եւ որ գարնանային նստաշրջանի աւարտին խորհրդարանին կողմէ ընդունուեցաւ առաջին ընթերցումով, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի խօսքով, ենթարկուած է «էական փոփոխութիւնների», որուն մասին Սեպտեմբեր 8ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է նախարարը՝ օրինագծին ընդդիմացողներուն խորհուրդ տալով կարդալ «երկրորդ ընթերցումով ներկայացուած նախագիծը»:
«Այն մտավախութիւնները, որ ունէին մի շարք քաղաքական ուժեր՝ Դաշնակցութիւնը, «Ժառանգութիւն»ը, անգամ իմ Հանրապետական գործընկեր որոշ պատգամաւորներ, մտահոգութիւնները, որոնք հնչեցուել են Հանրային խորհրդի կողմից, այն է՝ օրէնքով բացառութիւն չնախատեսել, այդ ձեւակերպումը չգրել, հանուած է այդ ձեւակերպումը: Օրէնքը Օգոստոսի 12ին առաքուել է Ազգային ժողով, տեղադրուել է Ազգային ժողովի կայքէջում: Այսօր Սեպտեմբերի 8ն է, մեր քննադատներից ոչ ոք դա չի կարդացել», աւելցուցած է Արմէն Աշոտեան:
Հարկ է նշել, սակայն, որ կատարուած փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի կայքէջին մէջ չէ տեղադրուած տակաւին, եւ այդ պատճառով ալ պատգամաւորներն ու օրէնքի փոփոխութիւններուն ընդդիմացողները տակաւին ծանօթ չէին վերաձեւակերպումներուն:
Նախարարին նշած փոփոխութիւնը կը վերաբերի միայն «Լեզուի մասին» օրէնքին: Նախկին տարբերակին մէջ արձանագրուած էր, որ ՀՀ գործող ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ «կրթութեան եւ ուսուցման լեզուն գրական հայերէնն է՝ բացառութեամբ օրէնքով նախատեսուած դէպքերի», իսկ վերաշարադրումէն ետք՝ «կրթութեան լեզուն գրական հայերէնն է՝ բացառութեամբ օտար լեզուներով ուսուցման դէպքերի»:
Ազգային ժողովի պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան, («Ժառանգութիւն») նշուած փոփոխութեան մասին յայտնած է. «Ես ընդհանրապէս առաջարկել էի վերջակէտ դնել այնտեղ, բայց, ինչպէս տեսաք նախագծում, էլի բացառութիւն բառը կայ: Ի հարկէ, այդ բացառութիւնը վերաբերում է օտար լեզուի ուսուցմանը. բնականաբար, օտար լեզուն հայերէնով չի ուսուցուի: Հետեւաբար, կարծես, այդ մտավախութիւնը վերացաւ»:
Պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանի (ՀՅԴ) գնահատումով, նոր ձեւակերպումը ոչ միայն անհասկնալի է, այլեւ կը յառաջացնէ նոր հակասութիւններ:
«Հանրակրթութեան օրէնքով, այնուամենայնիւ, այլընտրանքային, հեղինակային եւ փորձարարական դպրոցներին թոյլտուութիւն տալիս է Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութիւնը: Եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքում չունենք հասկացութիւնները՝ ի՞նչ է նշանակում այլընտրանքային դպրոց, ի՞նչ է նշանակում հեղինակային դպրոց, փորձարարական դպրոց… Այսինքն՝ սահմանումները մենք չունենք: Եւ այս նոր փոփոխութիւնը բոլորովին էլ չի փարատում այս անհանգստութիւնները: Ես այդտեղ նոյնիսկ հակասութիւն եմ տեսնում», յայտնած է Գալստեան՝ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային Ազգային ժողովի համապատասխան յանձնաժողովին մէջ կազմակերպուելիք լսումներուն ընթացքին, իրենք պիտի յաջողին ոչ միայն որոշ բացատրութիւններ ստանալ, այլեւ շարադրել իրենց մեկնաբանութիւնները:
Մինչ այդ, «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» նախաձեռնութեան անդամները կը շարունակեն պահանջել «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ առաջարկուած փոփոխութիւնները ընդհանրապէս չկատարել:
«Մենք պահանջում ենք, որ այս առաջարկները դուրս բերուեն շրջանառութիւնից. կա՛մ կառավարութիւնը ետ քաշի իր առաջարկը, կա՛մ Ազգային ժողովը մերժի այն: Որից յետոյ մի լայնածաւալ քննարկում սկսուի կրթական հարցերի շուրջ, այդ թւում՝ նաեւ օտար լեզուների դասաւանդման խնդիրների շուրջ», յայտնած է նախաձեռնութեան անդամ Արամ Ապատեանը:
Նոյն օրը, նախաձեռնութեան անդամները իրականացուցած են բողոքի իրենց հերթական ցոյցը՝ յայտարարելով, որ իրենց պայքարը աւելի ընդգրկուն ու լայնածաւալ պիտի ըլլայ, եթէ իշխանութիւնները չհրաժարին փոփոխութիւններէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.