Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Շաբաթ, Սեպտեմբեր 4ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու օդուժը պիտի չմասնակցի Հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած օդուժերու ռազմափորձին։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ անցեալ շաբաթ հաղորդած էին, թէ Միացեալ Նահանգներ մերժած է մասնակցիլ ռազմափորձին, որովհետեւ Թուրքիա այդ ռազմափորձերուն մասնակցելու համար Իսրայէլը չէ հրաւիրած։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ օր հերքած էր այդ լուրը՝ աւելցնելով, որ «Ամերիկացի պաշտօնատարները այս հարցով որեւէ յայտարարութիւն չեն կատարած»։
Ամերիկեան հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ «Միացեալ Նահանգներ պիտի չմասնակցի «Անատոլեան արծիւ» ռազմափորձին, որովհետեւ իր ուժերը այս տարի Թուրքիոյ մէջ արդէն իսկ երկու ռազմափորձերու մասնակցած են եւ իրենց օդանաւերը նշանակուած են այլ առաքելութիւններու համար»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.