ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեպտեմբեր 6ը տխուր օրուան մը տարեդարձն է։ Արդարեւ, ճիշդ 55 տարիներ անցան «6-7 Սեպտեմբերի գիշեր» կոչուած օրէն, երբ Կիպրոսի հակամարտութեան օրերուն, ընդհանրապէս յոյներու, բայց իրականութեան մէջ նաեւ բոլոր փոքրամասնութիւններու դէմ բռնարարքներու ժամեր արձանագրուեցան Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ, թալանի ենթարկուեցան փոքրամասնութիւններուն խանութները, ֆիզիքական յարձակումներ գործուեցան կարգ մը յոյն հոգեւորականներու ու քաղաքացիներու վրայ։ Պատահարները, որոնք ծագեցան իբր թէ Սելանիկի մէջ Աթաթիւրքի տան վրայ ռումբ արձակուած ըլլալու լուրէն ետք, ամբողջովին կազմակերպուած արարքներ էին, իսկ ռումբը թուրքերու կողմէ դիտումնաւոր կերպով նետուած էր:
Թրքական կարգ մը թերթեր կը յիշեցնեն այս տարեդարձը ու կը խօսեցնեն յոյն դէմքեր, մոռնալով, որ այս արարքէն տուժողները միայն յոյներ չէին։ «Զաման»ի մէջ յոյն լրագրող Միխայիլ Վասիլիատիս, որ ականատես եղած է դէպքերուն, կ՛ըսէ, թէ այդ թուականին պատահածը այժմ ինք կը նմանցնէ «Լախտ»ի կամ «Վանդակ»ի ծրագիրներուն եւ «Էրկենեքոն»ին կողմէ պատրաստուած գրգռութիւններուն։
«55 տարի առաջ ալ փոքրամասնութիւններէն փրկուիլ կ՛ուզէին։ Իսկ այսօր ոմանք փոքրամասնութիւններու դէմ «Վանդակի ծրագիր» պատրաստելով՝ կառավարութիւնը տապալել կը ջանան, ճիշդ 55 տարի առաջուան նման: Այդ օրերուն բազմաթիւ յոյներ իրենց տունը, գործը լքելով՝ Թուրքիայէն հեռացան», կ՛ըսէ Վասիլիատիս, որ Յունաստան գացողներէն մէկն էր: Ան 28 տարի ետք Թուրքիա վերադարձաւ, որպէսզի ոտքի պահէ «Ափոյեւմաթինի» թերթը, որուն մասին կ՛ըսեն, թէ հանրապետութեան շրջանի առաջին թերթն էր։ Վասիլիատիս եւս, շատերու նման, կը կարծէ, թէ Սեպտեմբեր 6-7ի պատահարը ինքնաբուխ արարք մը չէր, այլ ընդհակառակը, լաւ կազմակերպուած արարք մըն էր, որուն նպատակն էր՝ թէ՛ այդ շրջանի կառավարութիւնը մաշեցնել եւ թէ «փրկուիլ փոքրամասնութիւններէն»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.