ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով, Կիրակի Օգոստոս 15ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն սկսէալ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց, եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ, Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, Եկմալեան պատարագի երգեցողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ Հելէն Զինտարզեանի:
Հաւատացեալները կանուխ ժամերէն սկսեալ փութացած էին եկեղեցի, ներկայ ըլլալու ու հաղորդակից դառնալու եկեղեցական հոգեպարար արարողութեան ու լսելու հայր սուրբին օրուան պատշաճ պատգամը:
Աստուածամօր վերափոխման տօնին առիթով իր տուած քարոզին ընթացքին, հայր սուրբը մասնաւորաբար շեշտեց քանի մը հիմնական կէտեր, զօրս կը ներկայացնենք իր կարեւորութեան համար: «Սուրբ Կոյս Մարիամի մարմնաւոր վերափոխումը կը նախապատկերացնէ մեր մարմիններու վերափոխումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի երկրորդ գալուստին: Քրիստոսի դէպի մեռելներու աշխարհ իջնելն ու իր մօր մարմինը առնելն ու երկինք փոխադրելը ցոյց կու տայ, որ Յիսուս տէրն է թէ՛ ողջերուն եւ թէ՛ մեռելներուն: Քրիստոս խոստացած էր իր մօրը, թէ երբ վախճաներ անձնապէս պիտի գար եւ զինք երկինք փոխադրեր. Յիսուսի խոստանալը եւ իր խոստումը կատարելը՝ հրաւէր մըն էր ուղղուած մեզի հաւատալու իր կատարած բոլոր խոստումներուն: Վերջապէս, Սուրբ Կոյսին երկինք փոխադրուիլը փաստ մըն էր, որ մահէն անդին կեանքը կը շարունակուի, որ երկինքը իրակա՛ն տեղ մըն է, ուր հաւատացեալները կը տարուին իրենց ննջումէն ետք»:
Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Անդաստանի եւ Խաղողօրհնէքի արարողութիւնները, որոնցմէ ետք, օրհնուած խաղողի ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին, որ մեկնեցաւ եկեղեցիէն հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ:
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին եւ Հայ Կնոջ տարուան առիթով սարքուած ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Օգոստոս 15ի յետմիջօրէին, ժամը 2:30էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 150 հիւրերու, հիւրընկալութեամբ Արաքս Սարեանի, ի յիշատակ իր մօր Մերի Պաղտասարեանի:
Ողջոյնի խօսքերով տօնակատարութեան բացումը կատարեց տիկնանց միութեան ատենապետուհի Այտա Միրիկեան. ան իր խօսքին ընթացքին նաեւ տուաւ հակիրճ զեկոյցներ Տիկնանց միութեան տարեկան գործունէութեան մասին ու քաջալերեց նամանաւանդ երիտասարդ սերունդին ներկայացիուցիչները, որ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն Տիկնանց միութեան եկեղեցանուէր ու աստուածահաճոյ աշխատանքներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին, հայր սուրբը իր պատգամին ընդմէջէն անդրադարձաւ հետեւեալ իմաստուն կէտերուն. ան հրաւիրեց հայ մայրերը Աստուծոյ խօսքով թրծելու իրենց զաւակները եւ աղօթելու իրենց զաւակներուն փրկութեան համար, միաժամանակ աղօթքով պաշտպանելու զիրենք կեանքի փորձութիւններուն դէմ: Ան նաեւ պատուիրեց անոնց, որ յիշեցնեն ու սորվեցնեն իրենց զաւակներուն, թէ ամէն ինչ որ կը լսեն ու կը սորվին դպրոցներու ու համալսարաններու մէջ, իրենց ուսուցիչներուն կողմէ, պայման չէ, որ ճշմարիտ ըլլայ, ուստի պէտք է քննեն անոնց ճշմարտացիութիւնը: Ան նաեւ յորդորեց մայրերը Յիսուսի անունով օրհնելու իրենց զաւակները, յիշեցնելով, որ օրհնութեան ու քաջալերանքի խօսքերը անսասան կը պահեն զանոնք կեանքի դժուարին պահերու առջեւ:
Պատրաստուած էր օրուան պատշաճ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը, զոր վարեց Արաքս Սարեան: Ան մէջընդմէջ արտասանեց ու ընթերցեց մայրերու նուիրուած իր գրութիւններէն: Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ գաղութէն ներս երգարուեստի ասպարէզին մէջ վաստակ ունեցած եւ երկար ծառայութիւն մատուցած Գէորգ եւ Հելէն Պուրսալեանները: Անոնք դարձեալ հաճելի պահեր ընծայեցին իրենց մեկնաբանած եւ մայրերու նուիրուած երգերով եւ «Հորովել»ով:
Գէորգ Պուրսալեան երգեց երկու երգեր, «Հորովել» ու «Հայոց Կանայք»ը, իսկ Հելէն Պուրսալեան «Իմ Մայրիկ»ը, անոնք արժանացան որոտընդոստ ծափահարութիւններու:
Յատկանշական էր Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական ազգային վարժարանի նոր շրջանաւարտներէն Ռոզի Արիստագէսեանի ելոյթը. ան խոր ապրումով ու ջինջ առոգանութեամբ ընթերցեց, Վաղինակ վրդ. Մելոյեանի ստեղծագործութիւններէն «Հայ Մօր Հոգին» արձակ բանաստեղծութիւնը, մեծապէս արժանանալով ներկայ հասարակութեան գնահատական ծափողջոյններուն: