ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Միքայէլ Խոսրովեանի, Օգոստոս 13-18ի միջեւ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած միութեան բանակումը յագեցած էր դասախօսութիւններով, բանավիճային նիւթերու քննարկումներով եւ մարզական խաղերով:
Յիշեցնենք, որ բանակումին կը մասնակցէին միութեան անդամներ եւ համակիր շուրջ 100 երիտասարդներ եւ ուսանողներ:
Բանակումի մասնակիցները ունկնդրած են ՀՅԴ բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի, ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի, խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեանի, ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Արսէն Համբարձումեանի եւ այլոց դասախօսութիւնները:
«Բանակումը ծառայել է նպատակին, սոցիալական արդարութեան եւ այլ գաղափարները հասցուել են ուսանողներին: Կազմակերպիչներն իրենց առաջ դրուած խնդիրը հասցրել են հանգուցալուծման», ըսած է Մ. Խոսրովեան՝ նշելով, որ մարզական խաղերուն մէջ երիտասարդները կոփուած են, իսկ դասախօսութիւններուն շնորհիւ աւելի բանիմաց դարձած:
Մ. Խոսրովեանի տեղեկութիւններով՝ բանակումին կարգախօսը եղած է «Մեր ուժն ու հաւատամքը արդարութիւնն է»:
«Այս բանակման նպատակն էր ազգային գաղափարախօսութեան ներդրումը եւ տարածումը երիտասարդութեան մէջ, հասարակութեան մէջ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան դերի ներկայացումը եւ սոցիալական արդարութեան հասնելուն ուղղուած նրանց անելիքների պարզաբանումը», յայտնած է Մ. Խոսրովեան՝ նշելով, որ բանակումը առանձնացած է նաեւ իր հասարակական ուղղուածութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.