ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Կոնստանթին Զատուլին յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿի ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովին համար ամենակարեւորը անոր խորհրդանշական նշանակութիւնն է: Անոր խօսքով, փաստը, որ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովը կը կայանայ Երեւանի մէջ, շատ կարեւոր է երկրին համար:
«Քաղաքական իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ շատ լարուած է՝ հարեւան Ատրպէյճանի բարձր շրջանակներու ռազմատենչ հռետորաբանութեան հետեւանքով: ՀԱՊԿը կը հասկցնէ, որ հանդէս կու գայ պատերազմին դէմ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններուն սկսիլը Ռուսիոյ շահերէն չի բխիր», ընդգծած է Զատուլին՝ աւելցնելով, որ Ատրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը կը կրէ զուտ քարոզչական բնոյթ:
«Ներկայ վարչախումբը կ՛ուզէ համոզել երկրի այս կամ այն ուժերը, թէ կը պատրաստուի որոշակի քայլեր ձեռնարկել ռազմական գործողութիւններու վերսկսման ուղղութեամբ», ըսած է պատգամաւորը: «Ես կը հաւատամ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան խնդիրի լուծումը հնարաւոր է, պէտք է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ վերադարձնել գրաւեալ տարածքները, սակայն կողմերը անընդհատ կը դառնան այդ լուծման շուրջ եւ պատրաստ չեն ընդունիլ ատիկա», նշած է Զատուլին:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը վարուի Ռուսիա, եթէ Ատրպէյճան վերսկսի ռազմական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, Զատուլին յայտնած է. «Ատիկա ենթադրական հարց է, որ ենթադրական պատասխան կ՛ակնկալէ: Որեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ, որ Ռուսիա լաւ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի հետ, սակայն ատիկա կարելի չէ այլընտրանք համարել Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն»: Զատուլինի կարծիքով, Ռուսիա շահագրգռուած է Ատրպէյճանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ, սակայն Հայաստանը, իր հերթին, պէտք է դրական արձագանգէ անոնց, քանի որ ատիկա զսպիչ գործօն է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.