ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին ընդունած է Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Սթիւըն Փաունտի այցը, որուն կ՛ուղեկցէր այդ երկրին մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Սեւան Արթին։
Ըստ Բրիտանացի խորհրդարանականի հաղորդումին՝ իր այցը, ինչպէս 2007ին, կը կրէ ճանաչողական բնոյթ։ «Նպատակս է անմիջականօրէն ծանօթանալ Լեռնային Ղարաբաղի ներքին կացութեան, քաղաքական վերնախաւի եւ ժողովուրդի տրամադրութեան՝ կապուած ղարաբաղեան հիմնախնդրին հետ»։
Հիւրին խնդրանքով, ԱԺ նախագահը հակիրճ կերպով ներկայացուցած է հանրապետութեան քաղաքական դաշտը, ձեւաւորուած խորհրդարանական աւանդոյթները եւ անոնց զարգացման տեսանելի հեռանկարները, ղարաբաղաատրպեճանական հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումները եւ այդ կապակցութեամբ երկրի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին վերաբերմունքը։
Զրոյցի ընթացքին խօսուած է նաեւ միջխորհրդարանական կապերու ձեւաւորման խնդրին շուրջ, մասնաւորապէս, քննարկուած են արցախցի եւ բրիտանացի խորհրդարանականներու միջեւ փոխադարձ շփումներու ընդլայնման հնարաւորութիւններն ու հեռանկարները։
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ եղած է նաեւ ԼՂՀ ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ սփորթի հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Սարգսեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.