ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ըստ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի փոխանցած տեղեկութիւններուն, Սեպտեմբեր 24ին, «Լոյս» հինադրամի աջակցութեամբ, Երեւանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ «Ճեթրօ Թալ» բրիտանական «ռոք» խումբը:
Վարչապետը կը յիշեցնէ, որ ռոքի սիրահարներուն հետ միասին, մասնակից եղած է Հայկական ռոք ընկերակցութեան ստեղծման ու «Ռոքն ընդդէմ ցեղասպանութեան» փառատօնի կազմակերպման: Փառատօնը կը կրէ շարունակական բնոյթ եւ կը բաղկանայ բազմաթիւ համերգներէ, որոնց մասնակցութիւն պիտի բերեն համաշխարհային հռչակ ունեցող խումբեր եւ անհատ կատարողներ:
Փառատօնին աւարտին պիտի կայանայ Հայոց Մեծ Եղեռնի 100ամեակին նուիրուած յիշատակի ու ոգեկոչման համերգ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.