ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Վիւասել-ՄՏՍ» ընկերութեան նիւթական աջակցութեամբ, Արմաւիր մարզի Քարակերտ, Վանանդ, Ծաղկալանջ, Շէնիկ, Այգեշատ եւ Շէնաւան գիւղերուն մէջ տեղադրուած են «Զենիթ» 15 հակակարկտային կայան։
Վերոնշեալ ընկերութեան կողմէ 44 միլիոն դրամի աջակցութեան շնորհիւ, 2010ին Արմաւիրի 3 գիւղերու մէջ՝ Քարակերտ, Վանանդ եւ Ծաղկալանջ, տեղադրուած է հակակարկտային 6 կայան:
Նշենք, որ նոյն ընկերութեան աջակցութեամբ, 2008էն ի վեր մարզի 7 գիւղերուն մէջ տեղադրուած է հակակարկտային 15 կայան՝ շահագործման ընթացքին արձանագրելով կարկուտի դէմ պայքարի 100 տոկոս արդիւնաւէտութիւն:
«Վիւասել-ՄՏՍ»ը կը ձգտի նուազագոյնի հասցնել բերքի անհարկի կորուստը մարզի այլ 3 համայնքներու մէջ եւս: «Բնութեան քմահաճոյքը հողի մշակը յաճախ զգում է իր ընտանիքին հասցուած նիւթական վնասի տեսքով: «Viva cell-MTS»ը գիտակցում է, որ այդ վնասը կլոպալ առումով կրում է մեզանից իւրաքանչիւրը, քանի որ տուժում է երկրի տնտեսութիւնն առհասարակ», նշած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.