ԳԻՒՄՐԻ.- Յուլիսի կիսուն Գիւմրիի մէջ սկսած Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Երիտասարդական ջոկատներ ծրագիրին մասնակիցները, հակառակ իրենց բազմազբաղ ըլլալուն, ժամանակը կը գտնեն իրենց տպաւորութիւնները գրի առնելու՝ համացանցային օրագրութեան միջոցաւ:
Արդէն իսկ անոնց տպաւորութիւններուն քանի մը հատը հրատարակած ենք. ստորեւ կու տանգ այլ վկայութիւններ.
Իր Յուլիս 24ի օրագրութեան մէջ, Քրիսթինա Քարայեան կը գրէ, թէ ժամանակը շատ արագ կ՛անցնի ճամբարի թոհուբոհին պատճառով, հակառակ այն իրողութեան, որ ան խորհրդատուի իր նոր պարտականութիւնը յոյժ յոգնեցուցիչ կը նկատէ: «Մէկը միւսէն աւելի աշխոյժ եւ կեանքով լեցուն այս երեխաները նաեւ ամենակատակասէր ու հաճելի խումբն են, որուն հանդիպած եմ», կը գրէ ան եւ կը բացատրէ, թէ երեխաները զսպելու համար, երբեմն կը դիմեն Էլընին, որպէսզի իր ստանձնած խիստ խորհրդատուի ու «վատ ոստիկան»ի դերը խաղայ. դեր մը, որ խոտոր կը համեմատի անոր նկարագիրին: Ան նաեւ կը պատմէ, թէ ազատ ժամերուն ինչպիսի՛ խաղեր կը խաղան ամէն ինչ սորվելու պատրաստ երեխաներուն հետ, եւ կ՛աւելցնէ, թէ ցրուելու ժամին (ժամը 4ին), ճամբարէն վերջին հեռացողները կ՛ըլլան Գուրգէնն ու Արտաշէսը, որոնք ստացած են «Տուպայի եղբայրները» անուանումը, այդ երկրին անունը կրող իրենց գլխարկներուն պատճառով: Քրիսթինա կը գրէ նաեւ տիկին Լիլիկի պատրաստած համեղ ճաշերուն եւ տեղւոյն խանութէն գնուած իրենց ամէնօրեայ պաղպաղակներուն մասին, ու կ՛աւելցնէ. «սիրահարուած եմ այս վայրին»:
Իր Յուլիս 23ի օրագրութեան մէջ, Կարին Սասունեան կը նկարագրէ խումբին Գիւմրի ժամանումը եւ ծանօթացումը այն բնակարանին հետ, որ իրենց տունը պիտի ըլլար մէկ ամսուան համար: Երեք ննջարաններ ու մեծ նստասենեակ մը ունեցող բնակարանին վերի յարկը ամբողջութեամբ յանձնուած է խորհրդականներուն: Տան մէջ կ՛ապրին նաեւ տիկին Լիլիկը, անոր երեք զաւակները, որոնք վկայութիւններ փոխանցած են նախորդ տարիներու ճամբարներուն մասին: Ան կը գրէ, թէ իւրաքանչիւր օր, «Կարմիր», «Կապոյտ» եւ «Նարնջագոյն» խումբերու բաժնուած երեխաներուն համար խաղեր, անգլերէնի դասեր, ձեռային աշխատանքներ ու դասախօսութիւններ կը կազմակերպուին: Անգլերէնի դասընթացքներուն համար եւս երեխաները բաժնուած են երեք խումբերու՝ սկսնակ, միջին եւ յառաջացեալ: «Կը նկատեմ, որ ճամբարը հարստացնող փորձառռւթիւն մը պիտի ըլլայ ոչ միայն երեխաներուն, այլ նաեւ ինծի համար», կ՛եզրակացնէ ան:
Իր կարգին, Էլըն Եկիկեան կը գրէ, թէ Գիւմրիի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող թիւ 6 վարժարանը, ուր կ՛իրականացուին ճամբարները, արդէն իսկ շրջանի բնակչութեան ուշադրութիւնը գրաւած են եւ ծրագիրը արդէն իսկ լուսարձակի տակ առնուած է տեղւոյն պատկերասփիւռի կայանին կողմէ, որուն լրագրողները ճամբարին երկրորդ օրն իսկ վարժարանը ժամանած են հարցազրոյցներ ունենալու կազմակերպիչներուն եւ երեխաներուն հետ: Հաղորդումը նոյն երեկոյեան սփռուած է պատկերասփիւռի կայանէն: Էլըն նաեւ կը գրէ, թէ առաջին շաբթուան ճամբարին մասնակցողներուն թիւը 85 եղած է, ինչ որ անցեալ տարուան միջինէն տասը երեխայով աւելի է: Նաեւ ան յատկանշական կը նկատէ այն իրողութիւնը, որ մասնակից երեխաներէն շատերը մասնակցած են անցեալ տարուան ճամբարներուն եւ անհամբերութեամբ կը սպասէին այս տարուան ճամբարին:
Ծրագիրի աշխատանքներուն կարելի է հետեւիլ ayfyouthcorps.org համացանցային հասցէով, իսկ անոր աջակցելու համար, կարելի է այցելել ayfyouthcorps.org/support կայքէջը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.