ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները նեղ կացութեան մատնուած են՝ պետական հարուած մը կազմակերպելու նպատակով ամբաստանուած զինուորականներուն ձերբակալութեան հարցով, որ կրնայ զօրաւոր հարուած մը հասցնել երկրի արդարադատութեան:
«Լախտի հարուած» անունով ծանօթ ծրագիրի ամբաստանեալներուն հարցը կը շարունակէ զբաղեցնել Թուրքիոյ հանրային կարծիքը։ Ամբաստանեալները օրերէ ի վեր կազմակերպուած ձեւով ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի կասեցնեն իրենց դէմ 10րդ ատեանի կողմէ արձակուած ձերբակալման հրամանագիրը, ըստ որուն, Երկուշաբթի, Յուլիս 26էն սկսեալ, 102 ամբաստանեալներ պէտք է դատական իշխանութիւններուն յանձնուէին: Ամբաստանեալները դիմեցին վերին՝ 11րդ ատեան ու «դատաւորի մերժում» դիմումը ներկայացուցին՝ պնդելով, որ իրենց դէմ ձերբակալման վճիռ արձակող դատաւորը անկողմնակալ չէ։ Ատեանը Չորեքշաբթի օր քննեց «դատաւորի մերժում»ի դիմումնագիրները ու որոշեց մերժել զանոնք։ Դատարանին համաձայն, նախորդ ատեանին կողմէ սխալ կամ պակասաւոր քայլ չէ առնուած. նկատի ունենալով, որ ներկայացուած թղթածրարներուն մէջ ծանր յանցագործութեան պնդումներ ու փաստեր կան, ապա ձերբակալութեան որոշումը տեղին է:
102 ամբաստանեալներուն մեծամասնութիւնը դիմում կատարած էր նաեւ պահանջելով, որ իրենց դէմ արձակուած ձերբակալման հրամանագիրը ջնջուի, սակայն դատարանը այդ եւս չընդունեց։ Ամբաստանեալներուն փաստաբանները կը շարունակեն առարկել ու կը պնդեն, որ այս անգամ պիտի դիմեն աւելի վերին՝ 12րդ ատեանին։
Այս բոլորին մէջ հետաքրքրական է գործադիր իշխանութեանց լռութիւնը, հակառակ այն իրողութեան, որ «Լախտի հարուած»ին գլխաւոր թիրախը իրենք էին: