ՊԷՅՐՈՒԹ.- Համա-ՀՄԸՄական 7րդ բանակումին մասնակցելու նպատակով, Երկուշաբթի, Յուլիս 26ի առաւօտեան, ՀՄԸՄի Լիբանանի տարբեր մասնաճիւղերէ 57 արի-արենուշներ մեկնեցան Հալէպ, անկէ՝ Հայաստան։
Բիւրականի մէջ տեղի ունենալիք բանակումը 9րդ անգամն ըլլալով կը կայանայ Հայաստանի մէջ եւ անոր իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տարբեր երկիրներէ ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ բոլոր մասնաճիւղերէն սկաուտներ եւ խմբապետներ։
Բանակումին պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Շաբաթ, Յուլիս 31ին, իսկ պիտի աւարտի Օգոստոս 9ին։
ՀՄԸՄի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանիին տակ գործող տարբեր մասնաճիւղերէ բանակումին մասնակցող լիբանանահայ արի-արենուշները մեծ խանդավառութեամբ ճամբայ ելան դէպի հայրենիք՝ միանալու զանազան երկիրներէ հոն համախմբուած իրենց ՀՄԸՄական քոյր-եղբայրներուն եւ հայրենիքի երկինքին տակ տասը օրուան տեւողութեան բանակելու, իրարու ծանօթանալու, ազգային-դաստիարակչական, ՀՄԸՄական ծրագիրներու հետեւելու։ Լիբանանահայ սկաուտներուն համար նման բանակումի մասնակցութեան առաւել ծարաւ կար, որովհետեւ 2006 թուականին անոնք զրկուեցան Համա-ՀՄԸՄական բանակումին մասնակցելէ՝ իսրայէլեան պատերազմին պատճառով։
57 արի-արենուշները այս բանակումին կը ներկայացնեն Լիբանանը՝ յատուկ աշխատանքներով եւ ծրագիրով, որոնց ընդմէջէն անոնք հանդէս պիտի գան լիբանանեան յատուկ սովորութիւններով եւ մշակոյթով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.