Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, Յուլիս 17ը տօնն էր Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներէն Ս. Թադէոսի, որ Քրիստոսի 12 աշակերտներէն մէկն էր։ Առաքեալը, ինչպէս նաեւ արքայադուստր Ս. Սանդուխտ կոյսը, եղան հայ եկեղեցւոյ առաջին նահատակները, որոնք առաջին դարուն մերժեցին ուրանալ իրենց հաւատքը եւ Սանատրուկ արքային կողմէ սպան-նուեցան, այլ հաւատացեալներու հետ։
Տօնին յաջորդող Կիրակիին, Յուլիս 18ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։
Նախ քան իր քարոզը, առաջնորդը եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած բազմութեան յայտնեց, թէ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ընդառաջելով իր եւ թեմի կրօնական ժողովի խնդրանքին՝ Աւագութեան պատիւ եւ տիտղոս կը շնորհէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հրանդ քհնյ. Երէցեանին, առ ի գնահատանք Ամերիկայի Արեւելեան, Արեւմտեան եւ Գանատայի թեմերուն մէջ անոր երկարամեայ ծառայութեան՝ ի սպաս Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ եւ մեր պատուական ժողովուրդին։
«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ վեհափառին սրբատառ կոնդակը Ս. խորան բերուեցաւ եւ յանձնուեցաւ սրբազան հօր, որ ընթերցեց ի լուր հաւատացելոց։ Ապա, առաջնորդը իր հայրական յորդորները փոխանցեց տէր հօր՝ թելադրելով հետեւիլ Քրիստոսի օրինակին, եւ օրուան Աւետարանի պատգամէն մէջբերումներ կատարելով՝ պատուիրեց ըլլալ խոնարհ, նման Քրիստոսի կողմէ Աւետարանին մէջ յիշուած փոքրիկ մանուկին, կարենալ հասնելու համար իրաւ մեծութեան։
Շնորհակալական խօսք արտասանեց տէր հայրը, որ երախտագիտական իր զգացումները յայտնեց վեհափառ հայրապետին, սրբազան հօր եւ կրօնական ժողովին, զինք այս տիտղոսին արժանացուցած ըլլալնուն համար, ապա, դիմելով եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած բազմութեան՝ խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի կարենայ դառնալ «Մշակ առանց ամօթոյ», Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդի ծառայական կեանքի անդաստանին մէջ։
Իսկ շաբաթավերջի տօնին ակնարկելով՝ պատարագիչ սրբազանը անդրադարձաւ Ս. Թադէոս առաքեալի Հայաստանի մէջ ունեցած գործունէութեան եւ առաքելութեան. ան յիշեց, որ Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, առաքեալները, ըստ Տիրոջ պատուէրին, գացին քարոզեցին եւ բոլոր հեթանոսները, որոնք հաւատացին Քրիստոսի, մկրտեցին Ս. Երրորդութեան անունով։ Սրբազանը յիշեցուց նաեւ այն խոստումին մասին, որ Քրիստոս տուած էր հայոց Աբգար թագաւորին, ըստ որուն, Համբարձումէն ետք, աշակերտներէն մէկը պիտի ղրկէր՝ զայն լուսաւորելու եւ բժշկելու համար։ Ս. Թադէոս առաքեալ, հասնելով հայոց աշխարհն ու ասորիներու Միջագետքը՝ կը սկսի քարոզելու եւ աստուածային խօսքերը սերմանելու, եւ ապա կը հասնի Եդեսիա քաղաքը, ուր կը գտնուէր հայոց Աբգար թագաւորին գահը։ Եդեսիոյ մէջ, Թադէոս առաքեալը շատ բժշկութիւններ կատարեց, ըսաւ սրբազանը՝ նշելով, որ ան Աբգար թագաւորն ալ բժշկեց իր բազմամեայ ցաւերէն, եւ քրիստոնէական հաւատքով լուսաւորեց անոր ամբողջ տունը։ Խօսելով Սանատրուկ թագաւորի դստեր Ս. Սանդուխտ կոյսի մասին՝ սրբազանը պատմեց, թէ ան լսելով Թադէոս առաքեալի մասին, անոր քով կու գայ ու կը սկսի լսելու Աւետարանէն բխած պատգամները, ապա կամաց-կամաց կը սորվի փրկչական խորհուրդներու մասին։ Առաքեալը, տեսնելով Սանդուխտի ջերմեռանդութիւնը հանդէպ Քրիստոսի՝ զայն քրիստոնեայ կը մկրտէ, եւ նոյն պահուն երկնքին վրայ կը տեսնուի լուսեղէն նշան մը, որ կ՛իջնէր սուրբ կոյսին վրայ։ Շատեր տեսնելով այդ լոյսը եւ լսելով երկինքէն հնչող ձայնը՝ հաւատացին Քրիստոսի։ Սանատրուկ թագաւորը այս լսելով՝ կը հրամայէ բանտարկել առաքեալը եւ սուրէ անցընել շատ հաւատացեալներ։
Սրբազանը պատգամեց մնալ հաւատարիմ մեր նախնեաց առաքելական լոյս հաւատքին եւ ջանալ ամբողջ հոգիով նուիրուիլ մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային հաւաքական կեանքի առաւել կենսունակութեան՝ հասնելու համար Քրիստոսի կողմէ բոլորիս խոստացուած երկնային թագաւորութեան։
Նախքան Հոգեհանգստեան արարողութիւնը, սրբազան հայրը սրտի դառն կսկիծով գուժեց թեմի նախկին առաջնորդներէն Սմբատ արք. Լափաճեանի վախճանումը, որ պատահած էր Յուլիս 17ի առաւօտեան, «Արարատ» տան մէջ։ Սրբազանը վեր առաւ հոգելոյս սրբազանին արժանիքներն ու Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան ճամբով հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին մատուցած անոր սպասաւորութիւնը, յատկապէս Արեւմտեան թեմէն ներս, հրաւիրեով բոլորը աղօթելու հոգելոյս սրբազանի հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Հոգեհանգսեան արարողութեան աւարտին, ի յարգանս հոգելոյս սրբազանին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք սրբազան հօր կողմէ արտասանուած «Պահպանի»չով վերջ գտաւ օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.