ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Տասնամեակներէ ի վեր Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն անտեսել այն իրողութիւնը, որ երկրին քիւրտ բնակչութեան իրաւունքները կը շարունակեն ոտնակոխուիլ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ ներկայ իշխանութիւնները առնուազն սկսած են ընդունելու, թէ քիւրտեր կը բնակին երկրին մէջ, մինչ նախապէս քիւրտերը պարզապէս լեռնային թուրքեր կը կոչուէին, անոնց հարցերը լուծելու նպատակով սովորաբար ոչ ժողովրդավարական միջոցներու դիմելու ընտրանքը շատ չէ փոխուած:
Թուրքիոյ կեցուածքին մասնակի մեղմացման հակադարձելով՝ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութիւնը ձերբազատուած էր քրտաբնակ շրջանները Թուրքիայէն անջատելու պահանջքէն, շեշտը դնելով ինքնավարութեան ընտրանքին վրայ:
Սակայն, ինչպէս այս շաբթուան ընթացքին կուսակցութեան թիւ երկու ղեկավարը նկատուող Մուրատ Քարայըլանի «Պի.Պի.Սի.»ին հետ հարցազրոյցը կը վկայէ, Թուրքիոյ շարունակուող անտեսումը սկսած է նեղ կացութեան մատնելու քրտական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, որ անգամ մը եւս կը քննէ անկախութեան ընտրանքը սեղանին վրայ դնելու կարելիութիւնը:
Ան հարցազրոյցին ընթացքին անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, թէ քիւրտ զինեալները ՄԱԿի հսկողութեան տակ պիտի զինաթափուին, եթէ Անգարա կուսակցութեան դրած որոշ պայմանները յարգէ։ Ան կ՛ըսէ, որ այդ մէկը ապահովելու համար Թուրքիա զինադադար պէտք է հաստատէ ու պէտք է փորձէ քրտական հարցը երկխօսութեան ճամբով լուծել:
Սական ան նաեւ կ՛աւելցնէ. «Եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը մերժէ այդ մէկը ընդունիլ, ապա պիտի գտնուինք անկախութիւն հռչակելու պարտադրանքին տակ»:
Հիւսիսային Իրաքի լեռնային ճամբարի մը մէջ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին, Քարայըլան նաեւ կ՛աւելցնէ, թէ քիւրտ քաղաքայիններուն դէմ յարձակումներուն եւ քիւրտ քաղաքագէտներու ձերբակալութիւններուն վերջ պէտք է դրուի։
Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնատար մը «Պի.Պի.Սի.»ին կը յայտնէ, թէ Անգարա «ահաբեկիչներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններ մեկնաբանելու սովորութիւն չունի»՝ խաղալով կոյր, խուլ եւ համր կապիկին դերը։