ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
«Մարմարա» իր Հինգշաբթի, Յուլիս 22ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Պոլսոյ մէջ վերատպուած է հայկական նիւթերու մասին իր գիրքերով յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի նոր գիրքը, որուն անունն է «Անատոլուի զաւակները»։ Գիրքը նախապէս տպուած էր Գերմանիոյ մէջ:
««Անատոլուի Զաւակները» իրականութեան մէջ մեր դարաշրջանի վկաներն են, որոնք 575 էջերով հաստափոր գիրքին մէջ վկայութիւններ կը բերեն մեր դարաշրջանի ողբերգական ապրումներէն։ Անոնք Թուրքիայէն հեռացածներ են, հեռանալու ստիպողութեան տակ դրուածներն են. քիւրտ, թուրք, յոյն, հայ, արաբ, լազ, զազա, ասորի, ալաուի, եւ այլն։ 36 հոգիի վկայութիւնը առնուած է այս գիրքին մէջ։ Մարդիկ, որոնք իրենց հողերէն հեռացան, բայց երբեք չմոռցան իրենց հողերը։ Բայց հարցն այն է, որ ի՞նչ եղաւ այս մարդոց։ 1914ի մարդահամարին համաձայն, Թուրքիոյ հանրապետութեան այսօրուան սահմաններուն մէջ ապրողներուն թիւը 16.5 միլիոն էր։ Այս բնակչութեան չորս միլիոնը կը կազմէին հայերը, յոյները, ասորիները, հրեաները, եզիտիները եւ այլ՝ ոչ իսլամ ժողովուրդներ։ 94 տարի ետք, 2008 թուականին, Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ մնաց միայն 100 հազար քրիստոնեայ։ Այս մարդիկը Թուրքիայէն հեռացան 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն կամ՝ զինուորական յեղափոխութիւններէն ետք։ Անոնց նմաններն են, որոնք կը խօսին գիրքին մէջ, եւ գիրքէն կը յայտնուի յստակ մէկ պատգամ. Անատոլուի զաւակները չմոռցուին, անգամ մըն ալ այսպիսի ցաւեր չապրուին», կը գրէ թերթը:
Վերի պարբերութիւնը, որուն՝ բնակչութեան «անհետացումը» բացատրող բաժինին մէջ կը պակսի անոր գլխաւոր պատճառը՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, վկայութիւն մը եւս կու գայ աւելցնելու այն իրողութեան վրայ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի պայքարը որքանո՛վ վնաս կը հասցնէ նոյնինքն իր քաղաքացիներուն: Արդարեւ, որքան առողջ կարելի է համարել Թուրքիոյ իշխանութեանց ստեղծած այն պայմանները, որոնք ամէն քայլափոխի սուտ խօսելու կամ սենեակին մէջտեղ կանգնած հսկայ փիղը անտեսելու պարտադրանքին տակ կը դնեն իր մտաւորականները: