ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական զինուորական աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան կը յայտնեն, որ թրքական արտադրութեամբ առանց օդաչուի օդանաւը իր առաջին թռիչքը կատարած է։ Անոնց համաձայն, «Անքա» անունով ծանօթ օդանաւը թռիչք առած է Թուրքիոյ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ գտնուող զօրանոցներէ, եւ թռիչքներ կատարած է Թուրքիա-Իրաք սահմանին երկայնքին եւ Թուրքիոյ լեռնային շրջաններու վրայ։ Աղբիւրները յայտնեցին, որ այս օդանաւերը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ մաքսանենգման դէմ պայքարին մէջ պիտի օգտագործուին: Թուրքիա 2005ին Իսրայէլէն «Հերոն» տիպի տասը անօդաչու օդանաւեր գնելու 180 միլիոն տոլարի համաձայնութիւն մը ստորագրեց։ Օդանաւերուն մէկ մասը յանձնուած են Թուրքիոյ:
Միւս կողմէ, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան առաջնորդներէն Մուրատ Քարաեըլան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը խախտած է անցեալ տարի ձեռք բերուած զինադուլի համաձայնագիրը եւ ռմբակոծած՝ Հիւսիսային Իրաքի մէջ տեղակայուած քիւրտերու ճամբարները, որուն հետեւանքով քիւրտերը պիտի հակադարձեն: Ան սպառնաց ամառնային արձակուրդին ընթացքին ահաբեկչութիւններու շարք մը կազմակերպել Թուրքիոյ զբօսաշրջական բազմաթիւ վայրերու մէջ։ Ան նաեւ ըսաւ, որ իր կուսակցութիւնը յառաջիկային Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ շրջաններուն մէջ ինքնավարութիւն պիտի հռչակէ։
Նաեւ, քիւրտ զինեալներ Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջանին մէջ բախումի մը ընթացքին վեց թուրք զինուորներ սպաննեցին Երեքշաբթի օր։ Երկուշաբթի օր, նոյն շրջանին մէջ 11 թուրք զինուորներ վիրաւորուած էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.