ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ներկայիս Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ ընդգրկուած է Հայկական Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող երեք օրինագիծ, աւելցնելով, որ մեծ է հաւանականութիւնը, որ այդ օրինագիծերը այս տարուան աշնան յայտնուին Ծերակոյտի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։
«Հիւրրիյէթ» կը գրէ. «Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը 2006ին վաւերացուեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ, սակայն ցարդ չէ վաւերացուած Ծերակոյտին կողմէ։ Մայիս 19, 2010ին նման օրինագիծ մը ներկայացուած էր Համայնավար կուսակցութեան անդամ, Ծերակոյտի փոխնախագահ Կի Ֆիշերի կողմէ։ Եւ վերջապէս, Յուլիս 5ին, երեսուն ընկերվարական ծերակուտականներ ներկայացուցին 3րդ օրինագիծը»։ Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ ֆրանսացի ծերակուտականները կը պատրաստուին 2011ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ քննարկելու այդ օրինագիծը։
Նիւթի առնչութեամբ թրքական օրաթերթը զրուցած է ֆրանսական «Լիպերասիոն» օրաթերթի թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններու հարցով փորձագէտ, լրագրող Մարք Սեմոյի եւ միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու ֆրանսական կեդրոնի Թուրքիոյ հարցերով փորձագէտ Տիտիէ Պիոնի հետ։
Մարք Սեմոն յայտարարած է, թէ «Մեծ է հաւանականութիւնը, որ Ծերակոյտի օրակարգին վրայ ներառուի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը։ Յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Ծերակոյտի ընտրութիւնները։ Ֆրանսայի մէջ կայ 500 հազար հայ քուէարկող։ Թուրքերուն թիւը այստեղ 500 հազար է, սակայն անոնցմէ ընտրելու իրաւունք ունի միայն 60 հազարը։ Այնպէս որ, ֆրանսացի քաղաքական գործիչները պիտի լսեն հայերուն»։
Տիտիէ Պիոն իր կարգին ըսած է. «Իսկապէս, մեծ է վտանգը, որ այդ օրինագիծը պիտի յայտնուի Ծերակոյտի օրակարգին վրայ։ Սփիւռքը ընտրութիւններէն առաջ նոյն խաղաքարտը կը գործածէ։ Ատիկա ընտրութիւններէն առաջ մարտավարութիւն մըն է։ Սակայն օրակարգի վրայ առնելը տակաւին զայն վաւերացնել չի նշանակեր։ Սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կարելի է, որ դէպքերը շատ արագ զարգանան։ Ատոր համար պէտք է ուշադիր ըլլալ»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.