ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է, որ առաջնահերթ կերպով պէտք է կեդրոնանալ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան եւ 5+1 երկիրներուն (ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներու եւ Գերմանիոյ) հետ՝ Իրանի բանակցութեանց վրայ, անուղղակիօրէն դէմ արտայայտուելով Թուրքիոյ միջնորդական ջանքերուն:
Սակայն, Տաւութօղլու հերքած էր այն լուրերը, թէ Քլինթըն Թուրքիայէն պահանջած է Իրանի հիւլէական ծրագիրի գործընթացին չառնչուիլ։ «Այս գործընթացը համակարգաբար շարունակելու ամուր կամք մը ունինք», ըսած էր ան։
Քրաուլի ըսաւ, որ «այդ երկու հարցերը զիրար բացառող չեմ նկատեր։ Այլ խօսքով, Թուրքիա եւ Իրան դրացիներ են։ Սպասելի է, որ Թուրքիա եւ Իրան շարունակեն դիւանագիտական կապերը։ Ատիկա իրենց իրաւունքն է, եւ անշուշտ այն ինչ որ կը պատահի Իրանի մէջ խոր եւ ուղղակի ազդեցութիւն մը կ՛ունենայ Թուրքիոյ վրայ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Չորեքշաբթի օր դարձեալ յայտարարեց, որ «Առանց Թուրքիոյ, Իրանի հետ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցային գործընթաց չի կրնար ըլլալ»։ Ան պնդեց, թէ Քլինթընի հետ իր զրոյցին ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ բոլոր հարցերուն մէջ, ներառեալ՝ Իրանի հարցին, երկու երկիրներուն միջեւ կատարեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի։
Տաւութօղլու յիշեցուց, որ «Այս տագնապը լուծելու թուրք-պրազիլական առաջարկը կը շարունակէ սեղանին վրայ մնալ», հակառակ այն իրողութեան, որ Պրազիլ որոշած է կասեցնել իր միջնորդական ջանքերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.