
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Սլաք».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 12ին ընդունած է հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) շարք մը զօրամասերու եւ զօրամիաւորումներու նորանշանակ հրամանատարներ: Հանդիպման ընթացքին, Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարը շնորհաւորած է ներկաները՝ մաղթելով խաղաղ եւ արդիւնաւէտ ծառայութիւն:
Նախագահը նշած է, որ պաշտպանութեան բանակը կը հանդիսանայ երկրի անկախութեան եւ անվտանգութեան ամենակարեւոր երաշխաւորը, որ այսուհետեւ, նոյնպէս, հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէ՝ մարտունակութեան շարունակական բարձրացման համար:
Նշենք, որ հանդիպման կը մասնակցէր նաեւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: